Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Երեք Դասընթացներու Փակման Արարողութիւնը
Յուլիս 15-ին ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի` «Երիտասարդ առաջնորդներու», «Լրագրողներու վերապատրաստում», «Ազգային երգ ու պարի վարպետութիւն» դասընթացներու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, մտաւորականներ, հիւրեր:
Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Սիրելի՛ մասնակիցներ, ուրախ եմ, որ «Սփիւռք» ամարային դպրոցի շրջանակներում անցկացրած օրերն անմոռանալի դարձան ձեզ համար ո՛չ միայն գիտելիքների ձեռքբերման, փորձի փոխանակման, այլ նաեւ Հայրենիքը տեսնելու, նրա խնդիրներին առաւել մօտիկից ծանօթանալու առումով: Շնորհակալ եմ ԵՊՀ ռեկտոր Արամ Սիմոնեանին, որ Մայր բուհի դռներն ու հնարաւորութիւնները լայնօրէն բացեց Սփիւռքից ժամանած մեր հայրենակիցների առջեւ, «Սփիւռք» ամարային դպրոցի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեանին, ով մեծ նուիրումով եւ բարձր մակարդակով իրականութիւն դարձրեց դասընթացները: Համոզուած եմ, որ մեր մասնակիցներից իւրաքանչիւրը պիտի դառնայ Սփիւռքի նախարարութեան դեսպանը իր բնակութեան երկրում, հայապահպան գործունէութիւն պիտի ծաւալի եւ իր ընկերներին ներգրաւի այդ աշխատանքներում: Սիրելի՛ մասնակիցներ, ձեր ոգեւորութիւնը տեսնելով` վստահ եմ, որ ամէն մէկդ հայկական մշակոյթի ու արժէքների պաշտպանը պիտի դառնաք օտար ափերում, պիտի ապրեցնէք եւ փոխանցէք հայերէնը նաեւ մատաղ սերունդներին»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը եւ ԵՊՀ տնօրէնը շնորհակալագիրներ եւ հաւաստագիրներ յանձնեցին դպրոցի երեք դասընթացներու մասնակիցներուն:
Լրագրողներու դասընթացքի մասնակից Շաքէ Մանկասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս նախարարին եւ նշեց. «Յուզուած ենք եւ այս հրաշալի օրերը Հայրենիքի մէջ անցնելէ յետոյ չենք ուզեր վերադառնալ մեր բնակութեան երկիրներ: Հիմա կը տեսնենք այն հսկայածաւալ աշխատանքը, որ կ’իրականացնէ Սփիւռքի նախարարութիւնը մեզի այսպէս հոգատար ընդունելու, վերապատրաստելու եւ կրթելու համար: Իսկապէս նախանձելի կառոյց դարձած է մեր` իւրաքանչիւր սփիւռքահայուս համար աշխատող նախարարութիւնը: Եւ միայն նուիրումի, անձնուէր աշխատանքի շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ հասնիլ այսպիսի արդիւնքներու: Մենք կը վստահինք ձեզի եւ ուրախ ենք, որ կը մասնակցինք նախարարութեան ամենաբազմաբնոյթ ծրագիրներուն: Մենք կ’երթանք, բայց անպայման վերադարձի ակնկալիքով ու ցանկութեամբ»:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի` ազգային երգի ու պարի դասընթացքի մասնակիցները, ինչպէս նաեւ քանի մը վերապատրաստուող ուսուցիչներ հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, անոնք ասմունքեցին եւ ներկայացուցին այս օրերուն սորված շարք մը պարեր եւ երգեր:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնի սաները եւ Գագիկ Գինոսեանի «Կարին» երգի ու պարի խումբը:
Դպրոցի միւս դասընթացները կը շարունակուին մինչեւ Յուլիս 30: