Արի Տուն-2016-ի Երրորդ Փուլի Յիշարժան Դրուագները. լուսանկարներ
Այսօր Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Անցնող 14 օրերուն ընթացքին արիտունցիները շրջած են Հայաստանի տեսարժան վայրերով, մասնակցած հայրենագիտութեան դասերուն եւ վերջապէս ունեցած 5 ճամբարային անմոռաց օրեր:
Երրորդ փուլի քանի մը տպաւորիչ ակնթարթներ «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ լուսանկարներու շարքով:
Յիշեցնենք, որ ծրագիրի երրորդ փուլին կը մասնակցէին 130 պատանի ու աղջիկ աշխարհի 10 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռումանիայէն, ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն, Թուրքմէնստանէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն: