«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց. Պէտք Չէ Միայն Հպարտ Ըլլալ Հայ Ըլլալու Համար, Պէտք Է Նաեւ Սիրել Հայ Ըլլալը
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը արդէն մէկ շաբաթ է, որ մեկնարկած է: Համախմբելով աշխարհի տարբեր ծագերէն եկած հայորդիները` այն բացի գիտելիքի ու փորձի հարթակ ըլլալէն վերածուած է նաեւ մեծ ընտանիքի մը, ուր իւրաքանչիւր անդամ կը զգայ հարազատ միջավայրի մէջ: Ամառնային դպրոցը դասընթացներ կ’իրականացնէ հինգ ուղղութիւններով:
Այս անգամ «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է «Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակից Նայիրա Եաքարեանի հետ, որ հայրենիք եկած է Գերմանիայէն Շթութկարթ քաղաքէն: Մասնակից հայուհիին հետ խօսեցանք գերմանահայ համայնքի, հայրենիքի մէջ գտնուելու զգացողութեան եւ այստեղ սերտած դասերուն մասին:
–Նաիրա՛, նախ կ’ողջունեմ քեզ այստեղ` հայրենի հողին վրայ ըլլալու կապակցութեամբ, թո՛ղ այս այցը աւելի ամրացնէ հայրենիքի հետ կապդ եւ ոգեշնչէ քեզի շարունակելու արարել միայն հայկականութեան շարժառիթներով: Կը խնդրեմ` պատմէ՛ Գերմանիոյ մէջ քու գործունէութեան եւ հայկական դպրոցին մէջ ունեցած առաքելութեան մասին:
– Շնորհակալ եմ ջերմ ողջոյնի համար: Նախ նշեմ, որ այստեղ առաջին անգամ կու գամ: Այդ առումով իմ այցս շատ խորհրդանշական է եւ ի հարկէ` ոչ պակաս կարեւոր ինծի համար: Ըլլալով Շթութկարթի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի փոխտնօրէն եւ միեւնոյն ժամանակ նոյն դպրոցի հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկայի ուսուցիչ` պիտի նշեմ, որ հայրենիքը մեզի համար զուտ ֆիզիքական տարածք չէ, այն մեր պապերու երկիրն է, մեր հողը, հոգեւոր կեդրոնը, մեր արարման սկիզբը: Դպրոցն ալ այն կառոյցն է, որ կը պահէ ու կը պահպանէ այդ կեդրոնի հոգեւոր միասնութեան գաղափարը:
Մեր դպրոցը կը գործէ արդէն երեք տարի, ունինք մօտ երեսուն աշակերտ: Անոնք լաւ կը գիտակցին հայ մնալու, ինքնութիւնը պահպանելու միտքը: Ատոր ապացոյցն է այն, որ մեր աշակերտները դպրոց կը յաճախեն 100 քմ հեռաւորութիւն անցնելով, առանց զլանալու, մեծ ոգեւորութեամբ: Եւ իմ ու մնացած ուսուցիչներու առաքելութիւնը այդ հայորդիներուն հայկականութեան մէջ պահելն է, հայոց լեզուին ու մշակոյթին հաղորդակից դարձնելը, երգ ու պար դասաւանդելը, անոնց մէջ հայ ըլլալու, հայեցի ապրելու գաղափարը սերմանելը: Կը փորձենք հաւատարիմ մնալ մեր առաքելութեան` չխնայելով ջանք ու եռանդ:
–Ուսուցիչներու դերը մեր պատմութեան մէջ ահռելի է: Ուսուցիչ էր նաեւ մեծն Մաշտոցը: Ին՞չ կախուած է այսօր Սփիւռք ապրող եւ աշխատող հայ ուսուցիչէն:
-Շատ բան կախուած է: Այսօր սփիւռքահայ ուսուցիչի ուսերուն մեծ պարտականութիւն դրուած է` իր աշակերտին, չնայած օտար միջավայրի ու բարքերու, հնարաւորինս հայ պահել: Ի հարկէ, այստեղ մեծ է նաեւ ընտանիքին, ծնողներուն դերը: Պէտք է բազմակողմանի աշխատանք տարուի, որուն հիմքին պէտք է ըլլայ սէրը դէպի հայկականն ու հայրենիքը: Ես եւ մեր դպրոցի միւս ուսուցիչները վաղուց բան մը հասկցած ենք. աշակերտին մէջ մանկութենէն` վաղ տարիքէն պէտք է սերմանուի այս ամէնը, կաթիլ առ կաթիլ, քիչ-քիչ հասցնելով երեխային այն մտքին, որ ամենաթանկը ինքնութիւնն է, մարդու արմատները, որմէ շեղուելու պարագային ամէն ոք կը կորսնցնէ իր դիմագիծը: Մեր աշակերտները կը հասկնան այս ամէնը:
–Գերմանիոյ մէջ հայկական համայնքը շատոնց հաստատուած է, Հայաստան-Գերմանիա ամուր քաղաքական, դիւանագիտական եւ բարեկամական կապերը երթալով աւելի կը սերտանան: Ին՞չ խնդիրներ ունի այսօր գերմանահայ համայնքը եւ ինչպէ՞ս կը յաղթահարէ ատոնք:
– Նախ կայ տեղի խնդիրը` ուր հաւաքուիլ, քանի որ համայնքը ցրուած է ամբողջ Գերմանիայով: Այս պարագային օգնութեան կը հասնի Հայ առաքելական եկեղեցին` դառնալով կապող օղակ ու յենասիւն: Այդպիսին եղած է մեր եկեղեցին մեր պատութեան իւրաքանչիւր շրջանին: Հայկական դպրոցները յաջող կը գործեն, սակայն ատոնք քիչ են: Պատճառը հասկնալի է. հնարաւոր չէ ամէն մարզի մէջ դպրոց կառուցել, չնայած որ այդ խնդիրն ալ երթալով կը լուծուի: Հայկական դպրոցներուն մէջ ուսուցումը կը կատարուի արեւելահայերէն, սակայն կան հայ ընտանիքներ, որ կը խօսին արեւմտահայերէն: Այդ ընտանիքի երեխաներուն համար դժուար է արեւելահայերէնը իւրացնելը, սակայն մենք կը փորձենք այս պատնէշը եւս յաղթահարել: Ունինք նուիրեալ ուսուցիչներ, նուիրեալ անհատներ, որոնք յստակ գիտեն` ինչ է իրենց գործը: Այդ անհատներէն մէկն ալ Արժանապատիւ Տէր Տիրատուր քհն. Սարդարեանն է, որ անմնացորդ նուիրուած է մեր դպրոցին: Համայնքը ապրող մարմին է, բնական է` խնդիրներ կան, սակայն կը գտնուին այդ խնդիրները յաղթահարող ճանապարհները: Սա հայրենիքի ու հայ ինքնութեան հանդէպ մեծ յարգանքի ու սիրոյ շնորհիւ է:
–Նայիրա՛, կ’ըսեն` օտարազգիները կը սիրեն հայ մշակոյթը, ատոր մէջ կը տեսնեն պատմական անցեալն ու ապագայի հայելիի պատկերումը: Գերմանիոյ մէջ ինչպէ՞ս կը վերաբերին մեր մշակոյթին:
– Ես նաեւ կ’աշխատիմ գերմանական դպրոցի մէջ, միակ օտարազգի ուսուցիչն եմ: Գիտեն բոլորը, որ հայ եմ, գիտեն մեր մշակոյթին մասին եւ այն մեծ խանդավառութեամբ կ’ընդունին: Ի հարկէ, մեր համայնքը կ’աշխատի մեր մշակոյթը անոնց հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ: Արդէն հինգ տարի է` ամէն Հոկտեմբերին 1-2 շաբաթով կ’իրականացնենք հայկական մշակոյթի օրեր, կը կազմակերպենք ցուցահանդէսներ, ազգային երգ ու պարը կը ներկայացնենք, մեր արուեստը: Արդիւնքը զգալի է: Մեր տեսակով, օրինակով կը փորձենք նաեւ ցոյց տալ, թէ ով է հայը:
– Ոչ հեռու անցեալին Գերմանիոյ Պունտեսթակը դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սա պատմական իրողութիւն էր` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ դատապարտողը Թուրքիոյ աջակիցն ու դաշնակիցը եղած է Ցեղասպանութեան եւ ատոր յաջորդած տարիներուն ընթացքին: Ինչպիսի՞ տրամադրութիւններ կար հայկական համայնքէն ներս Գերմանիոյ այս քայլէն ետք:
-Մեր համայնքը այնչափ ոգեւորուած էր: Կ’ըսեմ ու միաժամանակ կը փշաքաղուիմ: Տասնմէկ ամեայ տղուս հետ հեռուստացոյցով կը հետեւէինք ճանաչման ամբողջ ընթացքին: Ես շատ հպարտ եմ, որ կ’ապրիմ այնպիսի երկրի մէջ, որ ճանչցած ու դատապարտած է իմ ժողովուրդիս հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Սա մեծ խթան էր հայկական համայնքին համար` նոր ներուժով աշխատելու եւ արարելու:
-Նայիրա՛, վերադառնալով ամառնային դպրոցին` ի՞նչ կու տայ քեզի այն, եւ ի՞նչ պիտի փոխանցես քու սաներուդ վերադառնալէ ետք:
– Անսպառ տեղեկատուութիւն կը ստանամ ամէն օր: Կը փորձեմ սերտել իւրաքանչիւր դաս, նոր ուղիներ կը գտնեմ հայկականը մատուցելու, իմ սեփական օրինակը ստեղծելու համար: Գրի կ’առնեմ օգտակար իւրաքանչիւր միտք, որ երթամ ու փոխանցեմ սաներուս: Սակայն ամենակարեւոր բանը, որ պիտի ըսեմ անոնց վերադարձէս յետոյ, սա է` պէտք չէ միայն հպարտ ըլլալ հայ ըլլալու համար, պէտք է նաեւ սիրել հայ ըլլալը: Ես կը սիրեմ:
Ամալեայ Կարապետեան