«Առաջնորդներու Դասընթացները Կ’օգնեն Առաջնորդի Բնորոշ Հմտութիւններ Ձեռք Բերել». Կարօ Արսլանեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններէն մէկն ալ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրն է, որուն մէջ ներառուած են նաեւ Առաջնորդներու դասընթացները: Ամէն տարի այս դասընթացներուն կը մասնակցին Սփիւռքի տարբեր երկիրներէ Հայաստան եկող հայորդիներ: Անոնցմէ մէկը  Կարօ Արսլանեանը` Քուէյթէն, որուն հետ զրոյց ծաւալուեցաւ «Հայերն այսօր»-ի համար:

Կարօ՛, ըսէք խնդրեմ, ի՞նչ մասնագէտ էք եւ ի՞նչ կու տայ Ձեզի այս դասընթացքը:

-Ես բնիկ սուրիահայ եմ, աւարտած եմ Քարէն-Եփփէ ազգային ճեմարանը, յետագային Հալէպի պետական համալսարանին մէջ մասնագիտացած եմ քիմիագիտութեան մէջ, այնուհետեւ 4 տարի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանին մէջ աշխատած եմ որպէս ուսուցիչ: Յետագային տեղափոխուած եմ Քուէյթ եւ արդէն 10 տարի կը վարեմ Քուէյթի ազգային վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը:

Քիմիա չէ՞ք դասաւանդեր…

-Քիմիա չեմ դասաւանդեր, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ  աշխատանք մը ընելու իրաւունք ունի. այդպիսի՛ն են երկրի օրէնքները, սակայն ներքին կարգով կը դասաւանդեմ «Հայ դատ»:

Այս դասընթացքին մասնակցելու որոշումը Ձե՞րն է. ի՞նչ ակնկալիքներ ունէիք այս ծրագիրէն:

-Սա անհատական որոշում չէ, համայնքին որոշումն է, սակայն ցանկութիւնը, անշուշտ, իմս էր: Ես կը զբաղիմ նաեւ աւագ դպրոցի աշակերտներու, երիտասարդներու խնդիրներով, հետեւաբար, մենք յարմար գտանք մեր մասնակցութիւնը ունենալու այս դասընթացներուն:

Ձեր կարծիքով առաջնորդ կը ծնի՞ն, թէ՞ կը դառնան:

-Շատ հետաքրքիր հարցում է. այս հարցին մենք անդրադարձած ենք դասընթացքին ժամանակ: Ի հարկէ, առաջնորդներն ի ծնէ կ’ունենան բնաւորութեան որոշակի առանձնայատկութիւններ, սակայն կարելի է որոշ հմտութիւններ ձեռք բերել դաստիարակչական, կրթական մեթոտներով:

Դուք ծնա՞ծ էք առաջնորդ, թէ կը սորվի՞ք դառնալ առաջնորդ…

-Անհամեստութիւն չթուի, սակայն ըսեմ, որ առաջնորդողի բնորոշ  քանի մը գիծեր ունիմ, որոնք պէտք է զարգացնել, հմտութիւն ձեռք բերել. մարդն անպայման պէտք է ինքնազարգացմամբ զբաղուի: Առաջնորդին բնորոշ յատկանիշներուն մէջ կարեւոր են ոչ միայն կամային յատկանիշները, այլեւ` բազմակողմանի զարգացուածութիւնն ու կազմակերպչական ջիղը: Առաջնորդը պէտք է ըլլայ ինքնավստահ, համբերատար, լաւ ծրագրաւորող, նպատակասլաց, կարենայ ճանչնալ սեփական ուժերը:

Քուէյթ վերադառնալէ ետք  որո՞ւն եւ ի՞նչ պիտի սորվեցնէք այստեղ ձեռք բերած հմտութիւններէն:

-Որպէս մանկավարժ` ես կը կարծեմ, որ մեզի փոխանցուած գիտելիքները աւելցնելով` պէտք է փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն: Ես սկաուտներու շարքերուն  եղած եմ, Սփիւռքի մէջ մեզի դաստիարակած են ու սորվեցուցած մեր սորվածը փոխանցել նորերուն: Մենք ամէն ջանք կը գործադրենք, որ երիտասարդութիւնը մղենք դէպի Հայրենիք, որպէսզի անոնք Հայրենիքը չընկալեն որպէս վերացական գաղափար: Փա՛ռք Աստուծոյ, վերջին տարիներուն շատ ուսանողներ ունինք Բժշկական, ճարտարագիտական համալսարաններուն մէջ: Այս տարի Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ 5 շրջանաւարտ ունեցանք, իսկ 4 հոգի ընդունուեցան Բժշկական համալսարան:

Յարգելի՛ Կարօ, Դուք ըսիք, որ կը վարէք Քուէյթի միակ ազգային հայկական դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը, սակայն ես գիտեմ, որ Դուք նաեւ «Ազդարար» ամսաթերթի խմբագիրն էք. ըսէք, խնդրեմ, թէ ինչ ուղղուածութիւն ունի այն եւ ինչպիսի նիւթեր տեղ կը գտնեն թերթի էջերուն մէջ:

-Այո՛, ես նաեւ այդ թերթի խմբագիրն եմ. այնտեղ կը հրապարակուին զանազան բնոյթի նիւթեր` սկսած քաղաքականութենէն, վերջացած` մշակութային նիւթերով: Բացի այդ` ես նաեւ կը ստեղծագործեմ, երեւի մօտ օրերս հրատարակուի իմ բանաստեղծութիւններուս ժողովածուն. յուսամ, որ Հայրենիքի մէջ կ’ընեմ գիրքիս շնորհանդէսը:

Հասցուցա՞ծ էք շրջելու քաղաքին մէջ, տեսարժան վայրեր այցելելու:

-Օրը շատ յագեցած է, դասընթացքը երկար կը տեւէ, ուստի շատ շրջիլ չենք կրնար, սակայն ըսեմ, որ ես Երեւանի Խ.Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի մագիստրատուրայի ուսանող եմ. Երեւանը, Հայաստանը ինծի համար անծանօթ չեն, աչքերս գոց` գիտեմ Երեւանը:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up