Հաւատա՛նք Վաղուան Օրուան
«Իբրեւ ապագայ բժիշկ` առաջին հերթին պարտաւոր եմ ծառայել Հայրենիքիս». Աննա Սայատեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ, ՀԲԸՄ գրասենեակի, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներու հովանիի ներքոյ «Հայաստան. ստեղծենք միասին» ծրագիրի ծիրէն ներս ձեւաւորուած «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն» աշխատանքային խումբին մէջ ընդգրկուած մասնակիցներէն քանի մը հոգիի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը :
Գարիկ Չատինեան, Երեւանի Մ. հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան, մագիստրատուրայի 1-ին շրջանի ուսանող
-Ես այս ծրագիրին մէջ ընդգրկուած եմ «Լոյս» հիմնադրամին կողմէ, համոզուած եմ, որ այս օրերուն շատ բան պիտի սորվինք մէկս միւսէն. մեր խումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ արտերկիր ապրող ուսանողներ, երիտասարդ մասնագէտ-բժիշկներ, որոնցմէ մէկը Ալէն Չաղլասեանն է, որ աւարտած է Լոնտոնի թագաւորական համալսարանը, աշխատած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ, բնականաբար, մենք անկէ շատ բան ունինք սորվելու: Բժշկութիւնը այն գիտութիւնն է, որուն հիմքերը ընդհանրապէս չեն փոխուիր կամ կը փոխուին շատ ուշ-ուշ եւ այդ առումով, ինչ-որ չափով համարեայ նոյն մակարդակի վրայ ենք` համեմատելով մեր բժշկութիւնը արտերկրի նոյն ոլորտին հետ, սակայն յետագայ նեղ մասնագիտացման ընթացքին, բնականաբար, արեւմտեան երկիրներու փորձը աւելի շատ է, անոնց մօտ գիտական աշխատանքները աւելի շատ են եւ, ըստ այդմ, անոնց կրթական ծրագիրերուն մէջ նորամուծութիւնները աւելի շատ են: Հիմնականին մէջ լեզուի խնդիր կայ, քանի որ մասնագիտական նոր, թարմ գրականութիւնը մինչեւ կը թարգմանուի անգլերէնէն ռուսերէն կամ հայերէն եւ մեր համալսարանին կողմէ կը ներառուի կրթական ծրագիրին մէջ, տարիներ կը տեւէ այդ գործընթացքը, եւ մենք քանի մը տարիով ետ կը մնանք: Եթէ ուսանողը արդիական մակարդակով կրթութիւն ստանալու ցանկութիւն ունի, ապա ան պէտք չէ հիմնուի միայն համալսարանի տուած գիտելիքներուն վրայ . ան լեզուի խնդիր պէտք չէ ունենայ եւ բացի անգլերէնէն` պէտք է սորվի այլ լեզուներ եւս. իմ կարծիքովս աւելի արդիական է գերմաներէն լեզուն, որմով կը խօսին, կը գրեն ու կը հաղորդակցուին աշխարհի` բժշկութեան ասպարէզին մէջ զարգացած գերմանախօս երկիրները: Համալսարանը մեզի չի սորվեցներ աշխատիլ, կը սորվեցնէ տեսական գիտելիքներ. իմ կարծիքովս ոեւէ ուսանող, կամ աշխատող բժիշկ չի կրնար ըսել, որ ինք միայն Բժշկական համալսարանի տեսական գիտելիքներով կրնայ բժշկական գործունէութիւն ծաւալել. Ատիկա ինչ-որ տեղ կարելի է ըսել, որ բուժման մէջ արդիական է, որովհետեւ բուժման համար աւելի կարեւոր են տեսական գիտելիքներն ու փորձը, իսկ վիրաբուժութեան մէջ աւելի կարեւոր է փորձառու գործունէութիւնը. ես տեսած եմ գերազանցութեան վկայագիրներով աւարտածներու, որոնք, վիրահատարան մտնելով, արիւնահոսութեամբ բերուած հիւանդներու հետ չէին գիտեր ինչպէս վարուիլ, երբեմն այնքան կը շփոթին, որ չեն կրնար կողմնորոշուիլ: Վիրաբոյժին աւելի շատ փորձ պէտք է, իսկ բուժումը աւելի շատ վերլուծական մտածողութիւն կը պահանջէ, վիրաբուժութիւնը առաւել կը պահանջէ տարածական պատկերացում:
Տիգրան Ղարդեան , Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ընդհանուր բժշկութեան բաժինի 3-րդ շրջանի ուսանող
-Այս ծրագիրին մասին իմացած եմ ուսանողական խորհուրդէն, այնտեղէն ալ մեզի ուղարկեցին. սկիզբը այնքան ալ լաւ չէի պատկերացներ այս հաւաքի խորհուրդը, իմ ընելիքս , սակայն պարոն Եաղջեանի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ արդէն պարզ դարձաւ ամէն ինչ: Շատ ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ գործնական աշխատանքով ծանօթանալ արտերկիր ուսանող մեր հայրենակիցներուն հետ, սորվիլ անոնցմէ, համագործակցիլ: Ասիկա մեծ փորձառութեան հնարաւորութիւն է: Լաւ կ’ըլլայ, որ այս ծրագիրը աշխատի, կայանայ եւ շարունակական ընթացք ունենայ:
Աննա Սայադեան, Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ընդհանուր բժշկութեան բաժինի 3-րդ շրջանի ուսանողուհի
-Այս ծրագիրին մասին տեղեկացած եմ Բժշկական համալսարանի միջազգային կապերու յանձնաժողովէն: Պիտի աշխատիմ իմ աւագ ընկերներուս` մագիստրոսներու եւ արտերկրէն եկած, աշխարհի բարձրակարգ բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող մեր հայրենակիցներուն հետ: Եթէ ուսումս արտերկրի մէջ շարունակելու եւ յետագային այնտեղ աշխատելու հնարաւորութիւն ընձեռուի ինծի, միեւնոյնն է, ես անպայմա՛ն իմ Հայրենիքիս մէջ պէտք է ներդրումներ ընեմ, իմ լուման ներդնեմ Հայաստանի բժշկութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ ես հայուհի եմ եւ իմ պարտքս կը համարեմ մասնագիտական հմտութիւններս օգտագործել ի շահ իմ երկրիս, իմ պետութեանս, իմ հայրենակիցներուս: Ես, որպէս ապագայ բժիշկ, առաջին հերթին պարտաւոր եմ ծառայել Հայրենիքիս:
Անշուշտ, այս խոստումնալից երիտասարդնե՛րն են մեր Հայրենիքի վաղուան օրը կերտողները, հայրենական գիտութեան, արուեստի ու մշակոյթի ջահակիրները. անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ ներուժ է. այսօրուան ուսանողը մեր ապագայի սիւներէն մէկն է, մեր գիտութեան ու լոյսի տաճարներու զանգի մը ղօղանջը: Հաւատա՛նք վաղուան օրուան:
Կարինէ Աւագեան