«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Յուլիս 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երիտասարդ առաջնորդներու եւ լրագրողներու դասընթացներու մասնակիցները դպրոցի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ հիւրընկալուեցան ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Անոնց ընդունեց ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:

Նախարարի տեղակալը պատասխանեց Սփիւռքէն ժամանած մեր հայրենակիցներուն յուզող հարցերուն, որոնք մեծաւմասամբ կը վերաբերէին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն:

Շաւարշ Քոչարեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տեսակէտը ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան, ռուս-թրքական յարաբերութիւններու փոփոխութեան արդիւնքով Հայաստանի շահերուն առնչուող, Հայաստան-Վրաստան փոխյարաբերութիւններուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ տնտեսական նոր կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ սուրիական ճգնաժամի արդիւնքով հայկական համայնքի շահերու պաշտպանութեան ուղղուած դիւանագիտական քայլերուն վերաբերող հարցերուն մասին:

Հանդիպման աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարի տեղակալին` ներկաներու հարցերուն համապարփակ եւ սպառիչ պատասխաններ տալու համար:

 

Scroll Up