«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Ծանօթացան ՀՀ Բարձագոյն Կրթական Հաստատութիւններու Ծրագիրներուն
Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն համար ուսումնական ծրագիրէն յետոյ կազմակերպուած էր ՀՀ բարձագոյն կրթական հաստատութիւններու ծրագիրներու շնորհանդէս:
ԵՊՀ գրադարանին մէջ ներկայացուեցան ԵՊՀ-ի, Հայաստանի ազգային փոլիտեխնիքական, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական, Վ.Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական, «Եւրասիա» միջազգային, Երեւանի Հիւսիսային, ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ (ՀՎՀ) համալսարաններու, ֆրանս-գերմանական ճարտարագիտական ինստիտուտի պաքալաւրիատի եւ մագիստրատուրայի ծրագիրները, ընդունելութեան կարգը, պայմանները, կրթական ծառայութիւնները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ գործարկուող «Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն եւ հակառակը» փոխարկիչ ծրագիրը ներկայացուց ծրագիրի ղեկավար Էդուարդ Մանուկեան:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս ամէն տարի կազմակերպուող նման ձեռնարկները կը նպաստեն, որ աւարտող մասնակիցներէն շատերը շարունակեն ուսումը հայաստանեան համալսարաններու մէջ: Անոնցմէ շատերը, դառնալով հայագէտ-մասնագէտներ, կը վերադառնան եւ հայապահպան գործունէութիւն կը ծաւալեն իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ` ներգրաւուելով հայ համայնքներուն, հայկական կազմակերպութիւններուն (ներառեալ` երիտասարդական), կրթամշակութային հաստատութիւններուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն, նախաձեռնելով Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն ստանալու գործը:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրը «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքի մասնակիցները այցելած էին «Դէպի Հայք» հիմնադրամ, ուր հանդիպեցան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապաքեանին եւ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ: