«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016. Այստեղ Ապրած Պահերը Կը Հիւսեն Հեքիաթ Մը, Որուն Անունը Հայաստան Է

Հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ ապրող Քոլէթ Մարտիրոսեան եւ Ղազախստանի մէջ բնակող Փիրուզ Պաղտասարեան դեռեւս տաս օր առաջ չէին ալ ճանչնար իրար, իսկ այսօր մտերիմ ընկերուհիներ են: Անոնց երկուքին բազմաթիւ այլ հայորդիներու հետ հայրենիք բերած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը: Հայուհիներուն հետ «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը ծանօթացած եւ զրուցած է ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն հերթական դասընթացքէն յետոյ:
Փիրուզ Պաղտասարեան կը պատմէ, որ Ղազախստանի մէջ պարի խումբ ունի, սակայն հիմնականին մէջ կը դասաւանդէ արեւելեան պարեր: Միշտ երազած է հայրենիք գալու, ազգային ու ազգագրական պարերու իր գիտելիքներն ու հմտութիւնները կատարելագործելու մասին, եւ ահա հնարաւորութիւն ընձեռուած է: «Օտարազգիները եւս կը սիրեն հայկական պարերը, կը սորվին ու կը պարեն: Ես անձամբ աչքերովս տեսած եմ: Գիտեմ նաեւ մարդոց, որ կու գան Հայաստան` մեր մշակոյթին աւելի սերտ հաղորդակցուելու, հայկականը զգալու, հայկականէն սորվելու համար: Ատիկա ինծի կ’ոգեշնչէ, միեւնոյն ժամանակ նաեւ կը պարտաւորեցնէ` հայ հնամենի մշակոյթը օտար հողի վրայ տարածելու, ցոյց տալու աշխարհին, թէ ով ենք մենք ու ինչ քաղաքակրթութիւն ունինք»,- կը նշէ Փիրուզը:
Արեւային մայրցամաքէն եկած Քոլէթը երկար տարիներ` կը զբաղի ազգային պարով. միաժամանակ ե՛ւ կը պարէ, ե՛ւ կ’ուսուցանէ: Սակայն երազանքը եղած է հայրենի հողի վրայ պարելը, այդ ուժը, լիցքը զգալը: Հիմա հայրենիքի մէջ է, երազանքը կատարուած է, եւ երիտասարդ հայուհին երջանիկ կը զգայ:
«Զգացողութիւնը, որ ասիկա իմ երկիրն է, իմ հողն ու ջուրը, այլ շունչ ու կենդանութիւն կու տայ մէջս ապրող հայուն, այն հայուն, որ հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուելով հայրենիքէն` միշտ կարօտով ապրած է, փորձած որքան հնարաւոր է պահել իր տեսակը, հայկականը»,- կ’ըսէ Քոլէթը: Ան նաեւ կը նշէ, որ հայ երեխաները, Աւստրալիոյ մէջ ծնելով եւ մեծնալով, հաճոյքով կը սորվին հայկական պարերը, կը ցանկան հայ մնալ: Միակ խնդիրը, ըստ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցին, լեզուի նահանջն է, որմէ ալ կը փորձեն խուսափիլ Հայաստանի հետ մշտական կապ ստեղծելով եւ պահելով:
Կապերէն մէկն ալ այս ամառնային դպրոցն է, որուն մեծ սպասելիքներով եկած են: Առաջին իսկ օրէն սպասելիքները արդարացած են: Փիրուզը չէր ալ պատկերացներ, որ մէկ շաբթուան մէջ այսքան բան կը սորվի, կը ճանչնայ ու կը զգայ: «Մեզի կը դասաւանդեն Հայաստանի լաւագոյն պարուսոյցները, ազգային պարի հանդէպ եղած սէրը անոնց շնորհիւ հազարապատկուած է: Այս ամէնէն բացի մեծ ձեռքբերում են նաեւ մեր ծանօթութիւնները: Այստեղ աշխարհի տարբեր ծայրերէ եկած հայեր կան, մենք հասցուցած ենք ծանօթանալ, հարազատանալ եւ սիրել իրար»,- կը պատմէ Ղազախստանէն եկած հայուհին: Զրոյցի մասնակից Քոլէթը կ’աւելցնէ, որ անգամ այստեղէն հեռանալէն ետք` այդ կապը պիտի չի կտրուի. պիտի շարունակեն շփուիլ առցանց հարթակի վրայ, իսկ հնարաւորութեան պարագային` դարձեալ պիտի գան հայրենիք:
«Հայաստան մեզի համար աշխարհի կեդրոնն է: Մենք ցրուած ենք երկրագունդով մէկ, սակայն կեդրոնը` սիրտը, միշտ մէկ տեղ է` Հայաստանի մէջ, ու մենք այդ զարկերէն իւրաքանչիւրը կը զգանք եւ կ’ապրինք»,- կ’աւելցնէ Քոլէթը:
Հայուհիները տպաւորուած են հայրենիքի, հայաստանաբնակներու ընդունելութենէն: Մարդկային ջերմութիւնը, նրբանկատութիւնն ու հոգատարութիւնը տպաւորած են անոնց: «Մենք այստեղ թանկագին հիւրի պէս կը զգանք, չնայած երբեմն այնքան հարազատ է միջավայրը, որ կարծես թէ միշտ ալ այստեղ ապրած ենք»,- կ’ըսեն հայուհիները: Այնքան դրական զգացողութիւններ, պահեր ունեցած ենք, որ դեռ չեն ալ պատկերացներ, թէ ինչպէս այդ ամէնը պիտի պատմեն իրենց սաներուն վերադառնալէ ետք: «Առաջին բանը, որ պիտի ըսեմ իմ աշակերտներուս, այն է, որ պահեն ու պահպանեն հայկականը իրենց ամբողջ էութեամբ: Ասոնք զուտ խօսքեր չեն, ես այս ամէնը զգացած եմ միշտ, բայց յատկապէս գիտակցած ու գերկարեւորած եմ հայրենիք գալէ յետոյ: Շատ կը ցանկամ, որ այդ ընկալումը ունենայ Սփիւռք ապրող իւրաքանչիւր հայ»,- կը նշէ Քոլէթը:
«Իսկ ես առաջինը պիտի պատմեմ Երեւանի, հայրենի բնութեան, մարդոց բարութեան ու Արարատի մասին: Ի հարկէ, երկար ժամանակ պէտք է հայրենիքը լաւ ճանչնալու համար, սակայն այստեղ ապրած պահերս կը հիւսեն հեքիաթ մը, որուն անունը Հայաստան է»,- կ’աւելցնէ Փիրուզը:
Հայուհիները բացի մասնագիտական հմտութիւնները կատարելագործելէն նաեւ իրենց համար բացայայտեցին իրական հայրենիքը իր ամբողջ ջերմութեամբ, գեղեցկութեամբ ու հայկականութեամբ:
Ամալեայ Կարապետեան