Դեսպան Արշակ Փոլատեանի Հանդիպումը Սուրիոյ ԺԺ Նորընտիր Նախագահ Հատիա Խալաֆ Ապպասի Հետ

Յունիս 27-ին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ ԺԺ նորընտիր նախագահ, դոկտոր Հատիա Խալաֆ Ապպասի հետ: Հանդիպաման ընթացքին դեսպանը անոր փոխանցեց ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը:

Սուրիոյ ԺԺ նորընտիր նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորականին համար, խնդրելով իր եւ ՍԱՀ ԺԺ նորընտիր անդամներուն անունէն ջերմ ողջոյններ եւ բարեմաղթութիւներ փոխանցել ՀՀ քաղաքական ղեկավարութեան եւ Հայ ժողովուրդին: Ապա` Հատիա Ապպաս խիստ կարեւոր համարեց հայ – սուրիական յարաբերութիւններու բարեկամական բարձր մակարդակը, յատկապէս միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը:

Զրոյցին ընթացքին դեսպանը անդրադարձ կատարեց Սուրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ ճանաչման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն:
Հանդիպման աւարտին կողմերը քննարկեցին նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններու համագործակցութեան հեռանկարները եւ նորընտիր Ժժ-ին մէջ հայ – սուրիական բարեկամական խումբի ձեւաւորման խնդիրը:

Scroll Up