Տեղի Ունեցաւ Լաւագոյն Գիտագեղարուեստական Աշխատանքներու Համահայկական Մրցանակաբաշխութեան Արդիւնքներու Ամփոփման Արարողութիւնը

Հոկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանի, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի նախագահ Արա Աբրահամեանի նախագահութեամբ Հայաստանի գրողներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ լաւագոյն գիտական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու համահայկական մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման արարողութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի արդէն տաս տարի եւ տարիէ տարի աւելի կը հզօրանայ ու կ’ընդլայնէ ծրագիրի աշխարհագրութիւնը: «Պէտք է շարունակենք, որովհետեւ կայ հետաքրքրութիւն, ակտիւ մասնակցութիւն: Աւելացնելու ենք նոր ուղղութիւններ եւ անուանակարգեր: Ողջունում եմ ներկաներին, յաղթողներին», – ըսաւ ան:

Այնուհետեւ սկսաւ դափնեկիրներու պարգեւատրումը: Տիպլոմները յանձնուեցան Արա Աբրահամեանի, Ռատիկ Մարտիրոսեանի, Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:

Ըստ անուանակարգերու գիտութեան բնագաւառին մէջ համահայկական մրցանակաբաշխութեան յաղթողներուն ներկայացուց ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ակադեմիկոս-քարտուղար Հրանտ Մաթեւոսեան:

«Մեր հաւատամքը` պետականութիւն, միասնականութիւն եւ ազգային ինքնութիւն» նշանաբանով լրագրողական լաւագոյն հրապարակումներու մրցանակաբաշխութեան յաղթողներուն ներկայացուց Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան:

Կերպարուեստի բնագաւառին մէջ իրականացուած մրցանակաբաշխութեան յաղթողներուն ներկայացուց Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան:

«Մեր սահմանը» թեմայով կինոնախագիծի` վաւերագրական ֆիլմի սենարներու եւ բեմադրական մշակումներու մրցոյթի  յաղթողներուն ներկայացուց Հայաստանի կինօ գործիչներու միութեան նախագահ Ռուբէն Գէորգեանց:

Համահայկական գրական մրցանակաբաշխութեան բնագաւառին մէջ յաղթողներուն ներկայացուց ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, մրցութային յանձնաժողովի նախագահ Այլիթա Դոլուխանեան:

Եւ վերջաւորութեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 5 ամեայ յոբելեանի առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մշակոյթի գործիչներուն ու մտաւորականներուն,  շնորհակալագրեր յանձնեց Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայապահպանութեան նպաստելու եւ ազգանպաստ գործունէութեան համար:

Scroll Up