ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Իմ Հայաստան» Փառատօնի Գեղարուեստական Խորհուրդի Անդամները

Մարտ 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Իմ Հայաստան» փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդի անդամները:

Խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են` «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեանը, «Իմ Հայաստան» փառատօնի մշակութային ծրագիրներու բաժինի պետ Լաուրա Աւետիսեանը, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, փառատօնի պարարուեստի օրերու գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Գէորգեանը, փառատօնի երգչախմբային արուեստի  օրերու գեղարուեստական ղեկավար Լիլիթ Դանիէլեանը, փառատօնի տուտուկի եւ ազգային այլ նուագարաններու օրերու գեղարուեստական ղեկավար ՀՀ վաստակաւոր
արուեստագէտ Գէորգ Դաբաղեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փառատօնի գաղափարական, կազմակերպչական, նախապատրաստական եւ այլ աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:

Զեկուցումով հանդէս եկաւ «իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի տնօրէն Սամուէլ Հարոյեան` նշելով, որ ընդլայնուած է Փառատօնի աշխարհագրութիւնը:
Այս տարի Հայաստանի մէջ պիտի  հիւրընկալուին Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն, Քանատայէն, եւրոպայէն եւ Հարաւային Ամերիկայի այլ երկիրներէ: Ժամանած հայկական մշակութային խումբերը ելոյթներով հանդէս պիտի գան Հայաստանի մարզերու  եւ Արցախի մէջ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յանձնարարականներ տուաւ փառատօնի պատասխանատուներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ այն մեծ արձագանք կ’ունենայ եւ սփիւռքի մէջ կ’ոգեւորէ սփիւռքահայ մեր հայրենակիցները:

Scroll Up