Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանին Ի Նպաստ Հանգականութեան Ճաշկերոյթ

Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանին նիւթապէս օժանդակելու նպատակով, Լոս Անճելըսի Այնթապցիներու մշակութային միութեան եւ Կրթասիրաց վարժարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յուլիս 10ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հանգականային ճաշկերոյթ մը, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ (343 Central Ave. Glendale, CA 91203)։

«Բոլորիս ծանօթ է Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանին կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը՝ անոր հիմնադրութենէն ի վեր (1924)։ Այս նուիրական յարկէն ներս հազարաւոր աշակերտներ, ուսման հետ մէկտեղ, դաստիարակուած են հայրենասիրական եւ ազգասիրական ոգիով։ Մեծ թիւով շրջանաւարտներ այսօր տարածուած են տարբեր երկիրներու մէջ, ուր շատեր սերտօրէն կապուած են իրենց մայր վարժարանին, որ այժմ կը ծառայէ իբրեւ երկրորդական վարժարան», նշուած է կազմակերպիչներուն յղած հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը շեշտուի նաեւ, որ այսօր, ապահովական դժուար պայմաններու տակ գործող այս վարժարանը նիւթական դժուարութեանց առջեւ կը գտնուի եւ կը գոյատեւէ միայն անհատական նուիրատուութեանց ու զոհողութիւններու շնորհիւ։ Հաղորդագրութեան մէջ ապա կոչ կ՛ըլլայ բոլոր շրջանաւարտներուն, որ նիւթապէս օժանդակեն վարժարանին։

Հանգականային ճաշկերոյթին մասնակցութեան սակը 60 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 921-5843 կամ (626) 355-3897 թիւերուն։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up