«ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հայոց Դուռն Ու Դարպասն Է Դէպի Հայրենիք».Ռուբիկ Գալստանեան

Յունիս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսահայ գործիչ, ԵԿՄ Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մասնաճիւղերու նախագահ Ռուբիկ Գալստանեանը, անոր տիկնոջ` Զոյա Գասպարեանը, Գանատայի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Խորէն Մարդոյեանը եւ Վանքուվերի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Էտի Պետրոսեանը:

 Ողջունելով հիւրերը` նախարարը գոհունակութեամբ խօսեցաւ անոնց հայրենանուէր գործունէութեան մասին` մասնաւորապէս շեշտելով Ռուբիկ Գալստանեանի անձնական ջանքերը Հայոց բանակի զօրացման գործին մէջ: «Մեր բանակին առնչուող հարցերը Գալստանեանի մտահոգութիւնների կենտրոնում են, եւ նա իր ժամանակի մեծ մասը յատկացնում է Հայոց բանակի հզօրացման հետ կապուած խնդիրներին: Նա, յիրաւի, մեր բանակի ներկայացուցիչն է Ֆրանսիայում, ԱՄՆ-ում եւ Գանատայում».–ըսաւ նախարարը, ապա աւելցուց, որ կարեւոր համարելով Ռուբիկ Գալստանեանի գործունէութիւնը`  ան պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով: Յանձնելով պարգեւը` նախարարը մաղթեց, որ իրականութիւն դառնան անոր երազանքները` կապուած Հայոց բանակին եւ մեր հայրենիքին հետ:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի համար` Ռուբիկ Գալստանեան դրուատանքի խօսքեր յղեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` այն համարելով հայոց դուռն ու դարպասը` դէպի հայրենիք: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ հայրենանուէր աշխատանքներէն զերծ չէ նաեւ իր տիկինը` Զոյա Գասպարեանը, որուն անունով օրերս Վանաձորի` իրենց ուսանած դպրոցին մէջ` (Րաֆֆիի անուան թիւ 19 դպրոց) դասարան  պիտի անուանակոչուի եւ տիկին Զոյան պարտաւորուած է հոգ տանելու դասարանին առնչուող բոլոր խնդիրներուն վերաբերեալ:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ նշանակալի առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւնները կրնան օրինակ ծառայել սփիւռքահայութեան համար:

Scroll Up