Տեղի Կ’ունենայ Հայր Եւ Դուստր Վարդանեաններու Գեղանկարչական Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Յունիս 3-ին` ժամը 16:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի նկարիչներու տան մէջ կը բացուի ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի կերպարուեստի բաժանմունքի տնօրէն, փրոֆէսոր Էդիկ Վարդանեանի եւ անոր դուստր` Ամալեայ Վարդանեանի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը (Հասցէ` Աբովեան 16, 1-ին յարկ):
Ձեռնարկին  ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, պետական եւ հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ:
Ցուցադրութիւնը նուիրուած է նկարիչի 70-ամեայ յոբելեանին:

 

Scroll Up