Պոլսահայ Դաշնակահար Շահան Արծրունին Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Մայիս 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց պոլսահայ դաշնակահար, ազգային էթնիկ երաժշտութեան մեկնաբան, մանկավարժ, գրող եւ արտադրող Շահան Արծրունին:

 Ողջունելով երաժիշտը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հետաքրքրուեցաւ անոր ստեղծագործական ծրագիրներով, ներկայացուց նախարարութեան համահայկական եւ մշակութային ծրագիրները եւ հրաւիրեց մասնակցելու «Իմ Հայաստան» համայակական 3-րդ փառատօնի ծիրէն ներս 2016 թուականի Սեպտեմբեր 21-26 իրականացուելիք «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն»-ին:

 Շահան Արծրունին շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրքին համար եւ նշեց, որ փառատօնի ծիրէն ներս համերգներով հանդէս պիտի գայ նաեւ մարզերու մէջ:

 Երաժիշտը իր ներկայիս ստեղծագործական աշխատանքներէն կարեւոր համարեց 8 ձայնասկաւառակներու թողարկումը, որոնք նուիրուած են Կոմիտասին, Կոմիտասի ժամանակակիցներուն, Ալան Յովհաննէսին, Սփիւռքի հայ երաժշտահաններուն, Արամ Խաչատրեանին, ինչպէս նաեւ` կին երաժշտահաններուն ու նշանաւոր երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն` փոքրիկներու կատարմամբ:

 Երաժիշտը նշեց, որ իր  նպատակը սկաւառակները աշխարհի բոլոր գրադարաններուն մէջ տարածելն է, հայ երաժշտութիւնը Սփիւռքի մէջ ճանաչելի դարձնելը:

Scroll Up