Թուրքիոյ Վարչապետը Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Հարցով Դիմած է Անկելա Մերքելին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/bi.jpg)
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի` Յունիս 2-ին Պունտեսթակւ մէջ տեղի ունենալիք քննարկումներուն ու քուէարկութեան, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարը իր գերմանացի պաշտօնակցին յայտնած է, որ իրենք այդ հարցով Գերմանիոյ կառավարութենէն ու Պունտեսթակէն ողջամիտ վերաբերում կ՛ակնկալեն:
Ըստ թրքական «Karar.com» լրատուակայքին` Եըլտըրըմ մասնաւորապէս ըսած է. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր թուրքերը անհանգստութեամբ կը հետեւին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ անհիմն ու անիրաւ քաղաքական վճիռներ պարունակող նախաձեռնութեան: Մենք այս հարցով Գերմանիոյ կառավարութենէն ու խորհրդարանէն ողջամիտ վերաբերում կ՛ակնկալենք»։