Չեխիոյ Նախագահը Օրէնսդիրի Ղեկավարին Խորհուրդ Տուած Է Քննարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը

Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման խորհուրդ  տուած է այդ երկրի Պատգամաւորներու պալատին, քննարկել Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրը, այս մասին յայտնած է Չեխիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Եիրժի Օվչաչէկը:

«Յունիս 22-­ին Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման ընդունած է խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէկը: Չեխիոյ նախագահը խորհուրդ  տուած է Պատգամաւորներու պալատին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ քննարկէ»,­ կը գրէ պարբերականը: Յունիս 8-­ին պետական այցով Հայաստան գտնուող Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ բանակցութիւններէն յետոյ լրագրողներուն հետ զրոյցին յայտնած էր, որ կը դիմէ Չեխիոյ խորհրդարանին Գերմանիոյ Պունտեսթակի օրինակին հետեւելու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու հարցով:

«Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս ես յայտնած եմ դեռ 2014թ.` նախագահ Սարգսեանի` Չեխիոյ այցելութեան ընթացքին: Նազիստական Գերմանիոյ յաղթանակի պարագային իմ ժողովուրդս նոյնպէս նման տառապանքներ կրնար կրել, պատմութիւնը կրնար կրկնուիլ: Ես գիտեմ, որ Ցեղասպանութիւնը դատապարտած են Եւրոմիութեան 10 երկիրներ, ոչ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն  կրնամ նշել Գանատան եւ Ռուսաստանը: Իբրեւ այս յայտարարութեան յաջորդող քայլ, ես կը դիմեմ Չեխիոյ խորհրդարան, որպէսզի անոնք հետեւին Գերմանիոյ օրինակին եւ կատարեն նման յայտարարութիւն»,­ ըսած էր Միլոշ Զեման:

 

Scroll Up