Սուրիահայ Տէմիրճեանները Տուրմի իրենց Գործը Սուրիայէն Տեղափոխած են Հայաստան

Սուրիահայ Սօսի Տէմիրճեանը Հայաստան եկած է 2012 թուականին: Սուրիոյ մէջ 15 տարի զբաղած է տուրմի (շոկոլատ) արտադրութեամբ, պատերազմի թէժ օրերուն տեղափոխուած են Հայաստան եւ նոյն գործը կը շարունակեն այստեղ:
Կը հասկնայ` նոր երկիր է, նոր միջավայր, եւ դժուարութիւններ եղած են. «Ամէն մարդ խնդիր կ’ունենայ, որովհետեւ նոր երկիր, նոր օրէնքներ, նոր գործ, զերոյէն կը սկսինք նոր բան մը ձեռնարկելու: Անշուշտ շատ դժուարութիւններ կան»:
Ցոյց տալով ցուցահանդէսին ներկայացուած տարատեսակ տուրմով լի սեղանը` տիկին Սօսին կ՛ըսէ, որ ատիկա իրենց գործը եղած է, եւ Հայաստանի մէջ ալ չցանկացան այլ գործով զբաղիլ:
«Մեր գիտցած գործն է, սկսանք աշխատելու: Կամաց-կամաց կը բարելաւուի: «Վիւալտի չոքլեթ», «Հարի Չոքլեթ» եւ նոր տեսականին, որ դեռ նոր կ՛արտադրենք, կը կոչուի` «Քինկ Ճորճ»,- Panorama.am-ին կը ներկայացնէ տիկին Սօսին:
Կը պատրաստէ նաեւ յուշանուէրներ, ամէն տեսակի տօնակատարութեան համար` պսակադրութեան, կնունքի, ծնունդի, ատամհատիկի:
Տուրմերը տիկին Սօսին կը պատրաստէ իր ամուսինին հետ:
«Ունինք արտադրամաս, կ՛աշխատինք: Շատ պուճուրէն (փոքրէն) սկսանք, կամաց-կամաց յոյսով, որ կը լաւնայ: Հիմա Փեթակի մէջ կը վաճառենք մեր բոլոր կոնֆետները (շոքոլաները), -կ՛ըսէ Սօսի Տեմիրճեանը:
Տէմիրճեանները կ՛ընդունին նաեւ պատուերներ:
Այստեղ կ՛ապրին ընտանիքով` տիկին Սօսին է, ամուսինը եւ երկու չափահաս որդիները:
«Սուիրիոյ մէջ ձգեցինք ամէն ինչ` տուն, ունեցուածք, եկանք ու չկրցանք վերադառնալ, արդէն չորս տարի է», -կ՛ըսէ գործարար կինը:
Հնարաւոր վերադառնալու մասին հարցը տիկին Սօսին կիսատ կը ձգէ ու անմիջապէս կը պատասխանէ. «Չէ, չէ, չեմ կարծեր, որ կ՛երթանք այլեւս, վարժուեցանք, կը սիրենք այստեղ: Շատ տարբեր է` մէկը իր հայրենիքի մէջ ապրի, քան թէ ուրիշ երկրի մէջ: Կամաց-կամաց յուսով ենք այստեղ աւելի վարժուիլ ու լաւանալ»: