Սուրիահայերը Նոր Որակ Բերին Սպասարկման Ոլորտ. ՄԱԿ ՓՀԳՀ Գրասենեակ

Սուրիահայերը Նանսենի փրկած հայ ընտանիքներու ծոռներն են, անոնց մօտ հայրենասիրութեան գաղափարը կը դրդէ դիմակայել Հայաստան տեղափոխուելու հետեւանքով ծառացած դժուարութիւններուն: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նկատեց ՄԱԿ ՓՀԳՀ գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատու Անահիտ Հայրապետեան:
«Ութսունականներու վերջը եւ իննսունականներու սկիզբը Ատրպէյճանէն գաղթած անձիք այստեղ յայտնուեցան առանց որեւէ գաղափարախօսութեան, փլուող, սակայն իրենց համար շատ լաւ ծանօթ երկրի մէջ, այն ժամանակ չկար միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը: Իսկ Սուրիայէն գաղթածներու պարագային, որոնք հիմնականին մէջ բնակած են Հալէպի հայկական թաղամասի մէջ, ուր ֆիտնես ակումբ յաճախելը չնչին գումար արժէր, մարդիկ ունէին հրաշալի գործեր», նշեց Անահիտ Հայրապետեան եւ ընգծեց, որ եթէ ատրպէյճանահայերուն ժամանակին կը տրամադրուէին հանրակացարաններ, ապա սուրիահայերու պարագային իրենք արդէն կը վճարեն տան վարձի մէկ մասը:
ՄԱԿ ՓՀԳՀ գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատուն խոստովանեցաւ, որ Ատրպէյճանէն փախստականներու գաղթի ժամանակ եւ անոր ընդելուզման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ թոյլ տրուած են շատ սխալներ, քանի որ իրենք սկսնակ էին, նաեւ առկայ էին բազում խնդիրներ: Անահիտ Հայրապետեան նկատեց, որ ի տարբերութիւն սուրիահայերու ընդելուզման համար առկայ պայմաններուն, նոյնիսկ Իրաքի փախստականներու հոսքի ժամանակ եղած էին շատ սխալներ, չկար համակարգուած աշխատանքային ուղեցոյց, չկար վարկային համակարգ:
«Իննսունականներու սկիզբը Պաքուէն Հայաստան տեղահանուածները ապրած եւ մեծցած էին Հայաստան բնակողներու գրեթէ նոյն միջավայրին մէջ, մէկ երկրի մէջ, ուր առկայ էր համահարթեցման գործօնը: Սակայն Ատրպէյճանէն տեղահանուած մարդիկ, տեղափոխուելով Հայաստան, յայտնուեցան մէկ կաթսայի մէջ, ուր համեմատաբար իրենց մօտիկ մտածելակերպի եւ ձգտումներու մարդիկ կ’ապրէին, իսկ երկիրը կ’ապրէր Սպիտակի երկրաշարժի եւ Արցախեան ազատամարտի առաջին օրերը: Իսկ Սուրիայէն տեղահանուածները յայտնուեցան բացարձակապէս այլ միջավայրի մէջ, եւ բաւական էր տեղի շուկային լաւ ծանօթանալ, որ անոնք այսօր կարենային օգտագործել իրենց ձիրքն ու կայանալ այստեղ:
Նոյն բանը տեղի ունեցաւ խորհրդային տարիներու հայրենադարձութեան ժամանակ», նշեց Անահիտ Հայրապետեան: Այսօր Երեւանի մէջ առաւել աչքի կ’իյնան ճաշարանային ոլորտին մէջ աշխատող սուրիահայերը, որոնք նոր որակ բերին սպասարկման ոլորտ: Սակայն, ՄԱԿ ՓՀԳՀ գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատուին խօսքով, շատերը նաեւ հրաշալի ծրագրաւորողներ են, ոսկերիչներ, վարսայարդարներ: «Ի հարկէ, կարծիքներ կը հնչեն, որ սուրիահայերու նորաբաց գործարարութիւնները «կը խփեն տեղացիներու գործին», սակայն եթէ տեղաբնակներու գործը այդ պատճառով անկում կ’ապրի, կը նշանակէ այն չի համապատասխաներ շուկայական պահանջներուն: Սուրիացիները իրենց հետ բերած են լրիւ նոր շունչ» , ըսաւ Անահիտ Հայրապետեան:
«Արմէնփրէս»-ի այն հարցին, թէ Հայաստան տեղափոխուած եւ աշխատունակ սուրիահայերէն քանի՞ հոգի գործազուրկ են, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը նկատեց, որ առաջարկուող աշխատանքը շատ է, սակայն այդ մարդոց համար ժամանակ պէտք է, որպէսզի իրենք սորվին ապրիլ, օրինակ, 60 հազար դրամ աշխատավարձով, երբ Սուրիոյ մէջ նոյն աշխատանքին համար կը վարձատրուէին շատ աւելի բարձր:
«Սակայն, եթէ Սուրիոյ մէջ կանայք չէին աշխատիր, ապա այստեղ արդէն սկսած են աշխատիլ, որ շատերուն համար խիզախ քայլ է: Անոնցմէ շատերը հրաշալի մատնայարդարներ են, դերձակներ, խոհարարներ եւ նման արհեստներու տէրեր, որոնցմով զբաղուելու համար տունէն դուրս գալը անհրաժեշտ չէ», նշեց Անահիտ Հայրապետեան: Իսկ, որպէսզի Հայաստանի մէջ ապաստան գտած անձիք կարենան նոր պայմաններու մէջ յաջողութեան հասնիլ իրենց գործին մէջ, ՄԱԿ ՓՀԳՀ գրասենեակի արտաքին կապերու պատասխանատուի խօսքով, տրամադրուող համալիր աջակցութեան ծիրէն ներս զուգահեռաբար կը ցուցաբերուի նաեւ հոգեբանական ընդելուզման աջակցութիւն: