ԱԺ Պատգամաւորներ Պիտի Գործուղուին Սուրիա

Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի հրաւէրով Յունիս 1-5-ը Դամասկոս պիտի գործուղուին ԱԺ պատգամաւորներ Գագիկ Մելիքեանը, Տաճատ Վարդապետեանը, Արման Սահակեանը, Միքայէլ Մանուկեանը եւ Թեւան Պօղոսեանը, կը տեղեկացնէ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէջը:

2014-ի Մարտին, Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապի վրայ յարձակումէն եւ շրջանի հայաթափումէն ետք Սուրիա մեկնած էր ԱԺ պատգամաւորներու պատուիրակութիւնը, որոնց շարքին էին ՀՀԿ-ականներ Սամուէլ Ֆարմանեանը, Արման Սահակեանը, Լեւոն Մարտիրոսեանը, Նայիրա Կարապետեանը, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Թեւան Պօղոսեանը եւ անկախ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանը: Անոնք այցեած էին Լաթաքիա` հանդիպում ունեցած այնտեղ ապաստանած քեսապահայերու հետ, հանդիպում ունեցած էին նաեւ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հետ:

Մայիս 27-ին Դամասկոս մեկնած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի ղեկավարած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որ հանդիպումներ ունեցած էր Սուրիոյ նախագահին եւ ղեկավարութեան հետ:

Scroll Up