Սուրիահայ Նազարէթին Հայկական Գորգերը Գերած Են Դեռ Մանկութենէն

Մայիս 19-ին «Երեւան էքսփօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ բացուեցաւ «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերուն համար» ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղուող սուրիահայերու 70-է աւելի ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր:

«Հայերն այսօրի» անդրադարձը ցուցահանդէսին մասնակցող սուրիահայ գորգավաճառ Նազարէթ Արոյեանի մասին է: Ան ծնած է Հալէպ: Փոքր  եղած է, երբ հայրը մահացած է: Ընտանիքի հոգերը միայն մայրիկի ուսերուն չձգելու համար` 13 տարեկանէն, դպրոց երթալուն զուգահեռ, սկսած է հօրեղբօր մօտ աշխատիլ, որ այն ժամանակ Հալէպի մէջ ճանչցուած գորգավաճառ եղած է: Ժամանակի ընթացքին պատանին շատ կապուած է աշխատանքին եւ որոշած  հմտանալ այս արհեստին մէջ: Շուրջ 30 տարի է, որ գորգերու վաճառքով կը զբաղի:

Նազարէթ Արոյեանի անունը իբր գորգավաճառ, ճանչցուած  եղած է Հալէպի մէջ: Անոր խանութները գտնուած են Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մօտ եւ Sheraton հիւրանոցին մէջ:

Այժմ գորգավաճառ Արոյեան սրտի ցաւով եւ խոր ափսոսանքով կը խօսի այն մասին, որ խանութները աւերակի վերածուած են, իսկ գորգերն ալ մնացած  աւերակներու տակ:

Սուրիական պատերազմը սկսելէն յետոյ Նազարէթ Արոյեան, բախտակից սուրիահայերու պէս հեռանալով հարազատ Հալէպէն, տեղափոխուած է Լիբանան, յետոյ միայն հաստատուած Հայաստանի մէջ: Պարոն Արոյեանի աներեր որոշումը եղած է Հայաստան գալը, եւ ինչպէս ան կ’ըսէ, փափաքած  է վերջակէտը Հայրենի հողին վրայ դնել: Ան իր հետ Հայաստան  բերած է ձեռքի տակ մնացած հայկական գորգերը, որոնք ալ կրկին վաճառքի  հանած է: Երբեք չէ հաշուած գորգերու քանակը: Սակայն խօսեցաւ երկու գորգերու մասին, որոնք 100 տարուան պատմութիւն ունին:

Նազարէթ Արոյեան միշտ Հայաստան  եկած է: Հերթական այցելութեան ժամանակ հանդիպած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ արծաթեայ բուրվառ նուիրած: Իսկ Վեհափառը իր լուսանկարը  փոխանցած է յիշողութեան համար: Այդ ժամանակ ալ Նազարէթ Արոյեանի մօտ միտք յղացած է Վեհափառի պատկերագորգը պատրաստել եւ այն ծննդեան օրը նուիրել անոր: Անակնկալը ստացուած է:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին նոյնպէս ցանկացած է գորգ նուիրել դեռեւս նախագահի Հալէպ կատարած այցելութեան  ժամանակ, սակայն չէ յաջողած: Հիմա ուրախ է, որ յաջողած է իր մտադրութիւնը ի կատար ածել այս ցուցահանդէսին ժամանակ: Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուող նախագահին վերջապէս  նուիրած է եզակի, ընդամէնը 3 նմուշ ունեցող Հայոց ջարդերու տեսարանը պատկերող գորգը: Ան այն կարծիքին է, որ գորգը Նախագահին նախախնամութեան շնորհիւ հէնց Մայր Հայրենիքի մէջ պէտք է  նուիրէր:

Այժմ Նազարէթ Արոյեան գորգերը Վերնիսաժի մէջ կը  վաճառէ: Կ’ըսէ` հիմնականին մէջ զբօսաշրջիկները  գորգեր կը գնեն, հայաստանցիները նոյնպէս կը հետաքրքրուին, հարցուփորձ կ’ընեն: Իսկ նմանօրինակ ցուցահանդէսներուն սիրով կը մասնակցի` յուսալով, որ նոր յաճախորդներ ձեռք կը բերէ: Միշտ յոյսով կ’ապրի եւ գիտէ` ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up