Նոր հեռանկարներ սիրիահայերու համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/178.jpg)
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր «Երեւան էքսպօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, որ կ՛իրականացուի «Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթ» գործարար համաժողովի ծիրէն ներս: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող սուրիահայերու եօթանասունէ աւելի ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր:
Հանրապետութեան նախագահը ծանօթացած է տարբեր ոլորտներու մէջ գործարար գործունէութիւն ծաւալած սուրիահայերու աշխատանքի արդիւնքին` ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած արտադրական տեսականիին եւ առաջարկուող ծառայութիւններու սպառման հնարաւորութիւններուն, ընթացիկ խնդիրներուն ու զարգացման ծրագիրներուն: Հայաստանեան մասնաւոր ձեռնարկութիւնները ցուցահանդէսին մէջ սուրիահայերուն կը ներկայացնեն նաեւ իրենց մօտ առկայ աշխատատեղերը եւ ծառայութիւնները, իսկ պետական ու միջազգային հաստատութիւնները` աջակցութեան իրենց ծրագիրները: Տպագրութեան, հրատարակչութեան, ոսկերչութեան, փայտամշակման, զբօսաշրջութեան, ասեղնագործութեան, սարքաւորումներու արտադրութեան, հաստոցաշինութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ արտադրանք թողարկող մեր հայրենակիցներուն ջանքերը Սերժ Սարգսեան ոգեւորիչ համարած է եւ բարձր գնահատած ներկայացուած ապրանքներու որակական յատկանիշները: Նախագահը սուրիահայ ձեռներէցներու հետ քննարկած է իրենց արտադրանքի իրացման եւ արտահանման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր: