Հրանոյշ Յակոբեան. Սուրիահայերուն պէտք է օգնել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ` Սուրիոյ մէջ

Նոյեմբեր 3-ին տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը, որ կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Օրակարգին մէջ սուրիահայերու մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի տեղաւորման, աջակցութեան ուղղուած աշխատանքներու եւ նախատեսուող ծրագիրներու վերաբերեալ հարցերն էին:

Սուրիահայերու մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի տեղաւորման վերաբերեալ տեղեկատուութիւն ներկայացուց ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետ Արտակ Մանգասարեան: Ան նշեց, որ 2013-2015թ.թ ընթացքին Զբաղուածութեան տարածքային կեդրոններու ջանքերով հարիւրաւոր սուրիահայեր տեղաւորուած են աշխատանքի: Իրականացուած աշխատանքներու արդիւնքով մեծցած է աշխատանքի կեդրոններուն մէջ հաշուառուած եւ աշխատանքի կարգաւորման պետական ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած սուրիահայերու թիւը:

Սուրիահայերու աջակցութեան ուղղուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ «Առաքելութիւն Հայաստան» հասարակական բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Հռիփսիմէ Կիրակոսեան` նշելով, որ կազմակերպութիւնը հիմնականին մէջ կ’իրականացնէ բնակարանային վարձերու մասնակի փոխհատուցման, դրամական աջակցութեան, սոցիալական տուներու տրամադրման ծրագիրներ, որոնցմէ օգտուած եւ կ’օգտուին տասնեակ սուրիահայեր:

Կարեւոր համարելով պետական ու նաեւ մասնաւոր հատուածի` սուրիահայերուն տրամադրուող բազմակողմանի օգնութիւնը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յանձնաժողովի մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս սուրիահայերուն բնակարանով, բնակ.վարձով եւ աշխատանքով ապահովելու խնդիրին վրայ: «Եթէ սիրիահայերն ապահովուեն կեանքի նուազագոյն պայմաններով` բնակարանով եւ աշխատանքով, Հայաստանից չեն հեռանայ, – նշեց նախարարը` աւելցնելով, – պէտք է մտածել նաեւ սիրիահայ մանուկների Ամանորը ուրախ կազմակերպելու ուղղութեամբ: Որեւէ մանուկ չպէտք է անտեսուած մնայ»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Սուրիոյ մէջ` պատերազմական այս իրավիճակին գործող հայկական 15 դպրոցներու դերը: Ան ընդգծեց, որ սուրիահայերուն պէտք է օգնել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ` Սուրիոյ մէջ:

01 02

Scroll Up