Գամիշլիի Մէջ 5 Զոհ

Շաբաթ, 14 Մայիս 2016- ի յետմիջօրէին, Գամիշլիի քրտական թաղամասերուն մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթիւնին հետեւանքով արձանագրուեցաւ 5 զոհ, աւելի քան 10 վիրաւոր։ Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:
Նոյն օրը Գամիշլիի հայկական թաղամասերուն վրայ թրքական կողմէն արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։
Գամիշլիի ապահովական վիճակը ներկայիս կայուն է, սակայն մեր աղբիւրին համաձայն, թրքական սահմանէն անընդհատ բախումներու ձայներ կը լսուին եւ մերթ ընդ մերթ ուղեկորոյս փամփուշտներ կ՚իյնան ապահով թաղամասերու վրայ։

կամիշլիկամիշլի1 կամիշլի2 կամիշլի4

Scroll Up