Պէտք է Յայտնաբերել ու Համախմբել Սփիւռքի Մեծ Ներուժը. Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան

Մայիս 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի բանակի զինուորական, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մասնակից զօրավար-հրամանատար Նարեկ Աբրահամեանը:

Հայ զինուորականը 1998-2000 եղած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակից, իսկ Լիբանանի մէջ յայտնի է որպէս սիրուած եւ օրինակելի զինուորական: Շատ յաճախ, անոր պատուին լիբանանցի զինուորները իրենց զաւակները Նարեկ կ՛անուանակոչեն:

Ողջունելով հիւրը` Հ. Յակոբեան մեծապէս արժեւորեց այս անհանգիստ եւ տագնապալի օրերուն Հայրենիքի հետ ըլլալու եւ սատարելու անոր պատրաստակամութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ եմ, որ եկել էք եւ պատրաստ էք Ձեր փորձն ու գիտելիքները փոխանցել ի նպաստ Արցախի պաշտպանութեան: Պէտք է փաստեմ, որ այս օրերին ոտքի կանգնեց ողջ Սփիւռքը, համախմբուեց ու ինքնակազմակերպուեց: Մեր հայրենակիցները տարբեր միջոցներով աջակցելու պատրաստակամութիւն են յայտնում` ընդհուպ մինչեւ ռազմաճակատ մեկնել, ինչը վկայում է հայի միասնական ոգու եւ Հայրենիքն ամէն ինչից վեր դասելու վճռականութեան մասին: Արցախին աջակցելու համար արդէն 21 հիմնադրամ է բացուել: Անհրաժեշտ է յստակ գնահատել կարիքները, որպէսզի օգնութիւնը հաւասար բաշխուի, նպատակային եւ արդիւնաւէտ լինի»:

Ափիւռքահայ զօրավարին կարծիքով` հայկական բանակը հզօր, ուժեղ, յաղթած եւ յաղթող բանակ է: Պէտք է հաշուի առնել նաեւ Սփիւռքի գործօնը: Սփիւռքը մեծ ներուժ ունի, որ պէտք է յայտնաբերել ու համախմբել, կազմակերպել եւ առաւելագոյնս օգտագործել: Ան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ շատ են արդէն պաշտօնաթող բարձրաստիճան զինուորականները, որոնք մեծ փորձ ունին եւ հիանալի կը տիրապետեն  ռազմական նոր արուեստագիտութեան: Հայաստանը պէտք է համախմբէ այդ փորձառու մարդոց եւ օգտուի անոնց գիտելիքներէն:

 Զօրավար Նարեկ Աբրահամեանի խօսքով` յաղթանակի համար բանակը պէտք է ամէն օր պատրաստ ըլլայ դիմակայելու թշնամիի գործողութիւններուն, պատրաստուածութեան ապահովումը պէտք է ըլլայ մեր բանակի առօրեան: Կարեւորը հայ զինուորն է եւ անոր մէջքին կանգնած հայ ժողովուրդը:

2

Scroll Up