Տասէ Աւելի Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններ Հանդէս Եկած Են Արցախին Աջակցելու Նախաձեռնութեամբ
Ֆրանսայի հայկական համայնքը ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Այս մասին «Արէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:
Անոր տեղեկացմամբ` 10-է աւելի ֆրանսահայ կազմակերպութիւններ հանդէս եկած են Արցախին աջակցելու կոչերով, որոնց արձագանգած են շատ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ: «Ֆրանսայի հայկական այդ կազմակերպութիւններու ﬕջոցով անոնք իրենց ֆինանսական օժանդակութիւնը բերած են արցախահայութեան: Այսինքն` կրնանք ըսել, որ արցախահայութեան աջակցելու կոչին տեղի բնակչութեան շրջանին բաւական աշխոյժ արձագանք եղաւ»,- ըսաւ Յովհաննէս Գէորգեան:
Ան տեղեկացուց, որ ատկէ բացի, բազմաթիւ ֆրանսահայեր ուղղակիօրէն իրենց օժանդակութիւնը բերած են Արցախին` փոխանցուﬓեր կատարելով Արցախի Ֆինանսնաներու նախարարութեան բացած հաշուեհամարին: «Ասոնք ուղղակի փոխանցուﬓերն են, այսինքն` ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ﬕջոցով չեն անցնիր: Ինչպէս կը տեսնէք, այս երկու տարբերակով ալ օժանդակութիւնը առկայ է: Արցախին ֆինանսական օժանդակութեան տրամադրումը ﬕնչեւ այսօր ալ կ’ընթանան, յառաջիկայ շաբաթներուն ալ դեռ գործընթացքը կը շարունակուի»,-ըսաւ Յովհաննէս Գէորգեան: