Յիշատակի Ձեռնարկ` Հիւսիսային Օսիա-Ալանիա Հանրապետութեան ՄԷջ

Ապրիլ 24-ին ՌԴ Հիւսիսային Օսիա-Ալանիա Հանրապետութեան  «Էրեբունի» հայկական ազգամշակութային ինքնավարութիւնը Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ձեռնարկ  կազմակերպած էր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  տեղեկացնեն ազգամշակութային ինքնավարութենէն: Ձեռնարկը տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարին մօտ:

Համայնքի երիտասարդները խորհրդանշական 101 հատ մոմ վառած են, իսկ կիրակնօրեայ դպրոցի սաները ասմունքած եւ երգած են:

3 4

Scroll Up