Արցախեան պատերազմն ու Հայկական լրատուադաշտը համակարգելու Սփիւռքի նախարարության առաքելութիւնը

Ապրիլ 21-ին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նիստը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ սփիւռքի  նախարար  Հրանուշ  Յակոբեան։

Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացած այս նիստին հեռակայ կապով կը մասնակցէին նաեւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնք հայկական  տեղեկատուական ոլորտի ընդհանուր պարունակին մէջ քննարկման բովէ անցուցին յատկապէս Արցախի Ապրիլեան պատերազմի տեղեկատուական բաժինը։

Բոլորս գիտենք, որ Ապրիլեան այդ օրերուն, Արցախի ու Հայաստանի համար ռազմաքաղաքական իրավիճակը վերածուեցաւ չյայտարարուած պատերազմի: Իսկ պատերազմ մը, իր խորքին մէջ կը յատկանշուի երեք հիմնական բաղադրիչներով.

Առաջին՝ Ռազմական պատերազմ

Երկրորդ՝ Դիւանագիտական պատերազմ

Երրորդ՝ Տեղեկատուական պատերազմ

Ահա այս երրորդ բաղադրիչին մէջ է որ հայ մամուլի դերակատարութիւնը,  ուր հայկական լրատուամիջոցները  համատեղելով իրենց ներուժը պէտք է սանձազերծելէ թուրք-ատրպէյճանական տեղեկատուական յերիւրանքներն ու սադրանքները:

Այստեղ վերյիշեցման կարգով կը հաստատենք, որ անժխտելի է Սփիւռքի նախարարության կատարած վիթխարի այն աշխատանքը՝ յատկապէս Տեղեկատուական և լրատուական բնագաւառէն ներս հայ մամուլի ներուժը համադրելու ընդդէմ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչության դէմ պայքարի աշխատանքները համակարգելու ուղղութեամբ։ Այդ ուղղութեամբ, Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ իրաւագէտներու եւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները լաւագոյն փաստն են նախարարութեան կատարած եռանդուն հայրենանուէր առաքելութեան, որ կը միտի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրագրել։

Վահագն Գարագաշեան

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Գանատա

Scroll Up