Համառուսաստանեան Ձեռնարկ` Նուիրուած Սրբադասուած Նահատակներուն

Ապրիլ 24-ին ՌԴ Սթաւրոփոլ քաղաքի Հայ առաքելական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ  բակին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի ձեռնարկ , որուն մասնակցած են հազարաւոր հայեր, այլ համայնքներու ղեկավարներ եւ քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Սթաւրոփոլի հայ համայնքէն:

Աւելցնենք նաեւ, որ ձեռնարկին ելոյթ  ունեցած է Վլատիքավքազի կամերային երգչախումբը, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած է համառուսաստանեան «Անմահ հոգիներ» ձեռնարկը, որուն ընթացքին երկինք արձակած են  հազարաւոր փուչիկներ:

Ձեռնարկը նուիրուած էր սրբադասուած նահատակներու ոգեկոչման:

13

Scroll Up