Երուսաղէմի Մէջ Ոգեկոչուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/genocide-jerusalem.jpg)
Երուսաղէմի հայկական գլխաւոր եկեղեցւոյ` Սուրբ Յակոբեանց վանքին մէջ, Ապրիլ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ տեղի ունեցած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Jerusalem Post»-ը:
Ինչպէս կը նշում, շուրջ 300 անձերու մասնակցութեամբ ոգեկոչման արարողութեան նախորդած է եկեղեցական պատարագ, որ ղեկավարած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան Մանուկեանը: Պատարագին ներկայ եղած են Երուսաղէմի հայկական համայնքի ղեկավարները:
Պարբերականի հետ զրոյցին ընթացքին յիշատակի ձեռնարկներու կազմակերպիչ եւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ Յարութ Բաղամեան անդրադարձած է Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին` նշելով.
«Անոնք որոշ երկիրներու նման ոչ թէ կը ժխտեն կատարուածը, այլ պարզապէս չեն խօսիր ատոր մասին: Անցեալի մէջ եղած են որոշ իսրայէլցի քաղաքական գործիչներ, որոնք իրենց տեսակէտները յայտնած են Ցեղասպանութեան մասին, եւ մենք մեծապէս կը գնահատենք ատիկա: Սակայն մենք կ՛ակնկալենք, որ կառավարութիւնը քաղաքականութենէն առաջ յարգէ արժէքները»:
Միաժամանակ, Բաղամեան ընդգծած է, որ կը հասկնան հարցի քաղաքական ըլլալը, սակայն այդուհանդերձ իրենք մեծ աջակցութիւն կը տեսնեն իսրայէլական հասարակութեան կողմէ եւ կ՛ակնկալեն, որ հրէական պետութիւնը պէտք է ըլլայ առաջինը, որ կը ճանչնայ ու կը խօսի խնդրին մասին` նկատի ունենալով թէ Հայաստան ինչ վերաբերում ունի Հոլոքոսթի հարցով:
«Jerusalem Post»-ը կ՛աւելցնէ, որ այսօր Իսրայէլի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյցեր կ’իրականացնեն Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան եւ Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան դիմաց: