Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պոլիվիոյ Պատուոյ Հիւպատոսին
Երեքշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի ԼիբանանիԵրիտասարդական Մարմինէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մօտ Պոլիվիոյ հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ուալիտ Ժոզեֆ Խուրիի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:
Պատուիրակութիւնը նշուած մարմինին կողմէ նամակ մը փոխանցեց հիւպատոսին, որուն ընդմէջէն ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պոլիվիոյ խորհրդարանին, ծերակոյտին, կառավարութեան ու ժողովուրդին` Պոլիվիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար խոստանալով նամակը փոխանցել Պոլիվիոյ կառավարութեան: Ան աւելցուց թէ Պոլիվիոյ հանրապետութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է ճշմարտութեան եւ արդարութեան առանց տեղի տալու որեւէ հակազդեցութեան:
Պատուիրակութիւնը հիւպատոսին տեղեկացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Մարմինին յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, եւ վերջինս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ներկայ գտնուելու եւ գործակցելու 2015 տարուայ մարմինին կազմակերպելիք ձեռնարկներուն: