Գանատայի Վարչապետի Յայտարարութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցի Կապակցութեամբ

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոն յայտարարութիւն  տարածած է` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին:

Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի.

«Այդ օրը մենք պիտի նշենք 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան ողբերգական կորուստի զոհերու յիշատակի 101-րդ տարելիցը: Եւ Գանատայի Սենատը եւ Համայնքներու պալատը ընդունած են բանաձեւեր, որոնք կ’առնչուին այդ իրադարձութիւններուն որպէս ցեղասպանութիւն:

Մենք պահպանած ենք այն մարդոց յիշատակը, որոնք կորսնցուցած են իրենց կեանքը, եւ անոնց, որոնք տուժած այս ցեղասպանութենէն: Նաեւ կ’արտայայտենք մեր խորին յարգանքը անոնց ժառանգներուն նկատմամբ, ներառեալ անոնց, որոնք Գանատան իրենց տունը կը համարեն:

Հանդիսաւորութեամբ ընդունելով այս ձեռնարկը, եկէք օգտագործենք պահը որպէս առաջ նայելու եւ մեր հաւաքական վճռականութիւնը ամրապնդելու հնարաւորութիւն, որպէսզի այլեւս երբեք չկրկնուին նման իրադարձութիւններ:

Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք պատմութեան դասերը, բայց նաեւ պէտք է յիշենք, որ անցեալի անարդարութիւնները չեն ծառայեր մեր համայնքներուն, եթէ անոնք կը բաժանեն մեզ: Բոլոր խաւերու եւ դաւանանքներու գանատացիները միասնական են վերահաստատելու մեր հաւաքական յանձնառութիւնը` բազմակարծութեան, մարդու իրաւունքներու եւ բազմազանութեան արժէքներուն:

Այս առիթով, կը խնդրեմ միանալ իմ յոյսին` հանդուրժողականութեան, յարգանքի ու հաշտեցման վրայ հիմնուած խաղաղ ապագայ ունենալու հարցին»:

Scroll Up