Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Պաստառներ` Ուաշինկթընի ՄԷջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց
Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց յայտնուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող տարբեր պաստառներ ու գրութիւններ: Այս ձեւով Թուրքիան իր լոպպիստական կազմակերպութիւնները լծած է Ապրիլ 24-ին ընդառաջ հակահայկական գործողութիւններ իրականացնելու գործին: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի ֆէյսպուքեան էջէն:
Յանձնախումբը նշած է, որ այդպիսով թրքական իշխանութիւնները նպատակ ունին աւելի շատ ﬖասել ազգի մը, որուն հողերը գողցած են, աւելի շատ ﬔկուսացնել այն հանրապետութիւնը, որուն նկատմամբ կը շարունակեն անօրինական շրջափակումը:
Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, յայտնելով, որ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց հակահայկական ցոյցը ﬔկնարկած է Ապրիլ 19-ին, կը նշէ, որ այնտեղ տեղադրուած տաղաւարին մօտ բոլորին թէյ եւ ուտելիք կը հիւրասիրեն: