Իտալական Պարմա քաղաքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ցուցահանդէս բացուած է
Իտալական Պարմայի «Պիեռ-Մարիա Ռոսսի» թանգարանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ցուցահանդէս բացուած է: Ըստ TV Parma-ի, ներկայացուած են գերմանացի յայտնի մարդասէր Արմին Վէկնըրի լուսանկարները: Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 2, կը գրէ News.am-ը:
«Վէկնըրի լուսանկարներու մէջ պահպանուած են ողբերգութեան մասին վկայութիւններ: Ան նպատակ ունէր աշխարհին պատմելու այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ: Աւելի ուշ ան փորձեց կանխել Հիթլըրի գործողութիւնները՝ հրէաներու կոտորածի առաջին ալիքէն ետք 1933 թուականին անոր ուղղուած նամակով»,- կը նշուի տեսանիւթի մէջ:
Ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ Արմին Վէկնըրի որդին՝ Միշա Վէկնըրը, որ ներկայացուցած է հօր մասին «Նամակ Հիթլըրին» գիրքը: