Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յոյն դիւանագէտներու կլոր սեղանի զրոյցը

Յու­նաս­տա­նի նախ­կին դես­պան­նե­րէ եւ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րէ կազ­մո­ւած «­Դի­ւա­նա­գի­տա­կան Խումբ»ը, իր հեր­թա­կան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս (ո­րոնք տե­ղի կ­’ու­նե­նան դի­ւա­նա­գի­տա­կան, ա­կա­դե­մա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ) կազ­մա­կեր­պեց կլոր սե­ղա­նի զրոյց մը՝ «­Հա­յոց Ցեղս­պա­նու­թե­նէն դար մը ետք» նիւ­թով։ Այս մասին կը յայտնէ «Ազատ օր»-ը:

Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Չո­րեք­շաբ­թի՝18 Նո­յեմ­բեր 2015ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի Պա­տե­րազ­մա­կան Թան­գա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին մեծ թի­ւով դի­ւա­նա­գէտ­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ, ցա­մա­քա­յին, ծո­վա­յին եւ օ­դա­յին ու­ժե­րու սպա­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ու­սա­նող­ներ։

Հայ­կա­կան կող­մէ ներ­կայ ե­ղան Հ.Հ. դես­պան Գա­գիկ Ղա­լա­չեան, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Խո­րէն Արք. Տող­րա­մա­ճեան, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­րա Ման­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Քե­րոբ Է­քի­զեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, «Ա­զատ Օր»ը եւ հայ­րե­նա­կից­ներ։

altԵ­լոյ­թը վա­րեց նախ­կին դես­պան Թե­մոս Ս­թո­ֆո­րո­բու­լոս, որ իր բաց­ման խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի նշա­նա­կու­թեան, ա­պա՝ հրա­ւի­րեց դես­պան Գա­գիկ Ղա­լա­չեա­նը, ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս գա­լու։ Յա­ջոր­դա­բար, մէկ առ մէկ զրոյ­ցի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց զե­կու­ցում­նե­րը։

Պա­տո­ւոյ դես­պան եւ Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի նախ­կին տե­ղա­կալ Մա­նոս Մե­ղա­լոի­քո­նո­մոս ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը ը­րաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին՝ յատ­կա­պէս 20րդ դա­րու պա­տա­հած ա­ղէտ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Յա­տուկ կեր­պով իր շեշ­տը դրաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան վրայ։

Հա­յաս­տա­նի մօտ Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին դես­պան Լէո­նի­տաս Խ­րի­սան­թո­բու­լոս ներ­կա­յա­ցուց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը՝ սկսե­լով 19րդ դա­րու Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րէն, հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ու­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թե­նէն եւ հա­մի­տեան ջար­դե­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ու ա­նոր յա­ջոր­դած իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու դա­տին ու հայ­կա­կան Նե­մե­սի­սին։ Դես­պա­նը իր խօս­քի սկիզ­բին, ման­րաս­նօ­րէն վեր­լու­ծեց Պանք Օ­թո­մա­նի գրա­ւու­մը եւ շեշ­տեց այդ ա­րար­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ Եւ­րո­պա­յի եւ օ­րո­ւայ մեծ ու­ժե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ։

altՎեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պա­տո­ւոյ ի­րա­ւա­կան խորհր­դա­տու Վա­սի­լիս Բաթ­րո­նաս, ո­րուն ներ­կա­յաց­ման նիւթն էր Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րը։ Յար­գե­լի բա­նա­խօ­սը անդ­րա­դար­ձաւ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի կող­մէ հաս­տա­տո­ւած «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռի ի­րա­ւա­կան բնո­րոշ­ման եւ շեշ­տեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ։

Ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ա­ւար­տին, ա­ւե­լի լայն հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, երբ նա­խա­պէս լսո­ւած նիւ­թե­րուն վե­րա­բե­րեալ ներ­կայ հան­դի­սա­տես­նե­րուն ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ՝ հար­ցում­նե­րով ու հաս­տա­տում­նե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու եւ կար­ծիք բա­նա­ձեւ­լու։

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, դի­ւա­նա­գի­տա­կան սոյն հա­ւա­քը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ, յատ­կա­պէս զի­նո­ւո­րա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րը ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու ա­ռու­մով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին կրած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պրիս­մա­կէ դի­տո­ւած վեր­լու­ծում­նե­րով։

Scroll Up