Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեանի Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի Կենսագրական Գիծերը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/175.jpg)
«Ազդակ» կը ներկայացնէ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանի կենսագրական գիծերը.
ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ
Ժիրայր Ռէյիսեան ծնած է Հալէպ: Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Լոնտոնի համալսարանին մէջ հետեւած է ակնաչափութեան: Սուրիա – Ֆրանսա միջպետական համաձայնագիրի մը տրամադրութեամբ ղրկուած է Ֆրանսա, Մոնփելիէ քաղաքի Փոլ Վալերի համալսարան` հետեւելու ֆրանսական մշակոյթի խտացուած դասընթացքի մը:
Գերմանական «Կէօթէ» հիմնարկին հրաւէրով ղրկուած է Գերմանիա, Թրոսինկեն քաղաքի համալսարանը` երաժշտական խտացուած դասընթացքի հետեւելու: Ծառայած է կրթական մարզին` դասաւանդելով Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ եւ երկար տարիներ վարած Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ նաեւ Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ, ուր միաժամանակ անդամ է տեսչական խորհուրդին եւ ղեկավարը տեսական բաժինին:
Ունեցած է երաժշտական եւ հասարակական լայն գործունէութիւն: Երաժշտական գետնի վրայ, ղեկավարած է երգչախմբային համերգներ, ստեղծած է ծանօթ «Պարոք» եռեակը, ղեկավարած է երաժշտանոցի աշակերտական նուագախումբը, ունեցած է երաժշտական բազմաթիւ դասախօսութիւններ, ուսումնասիրական աշխատանքներ եւ յօդուածներ: Իր գործերէն հրատարակուած են չորս երաժշտական դասաւանդական գիրքեր եւ աշխատասիրութիւն մը` կոմիտասեան երգերուն մէջ ազատագրական գաղափարներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձներու մասին: Հեղինակած է շարժապատկերի երաժշտութիւն, թատրոնի, ինչպէս նաեւ մանկական ու հոգեւոր երգերու շարք մը:
Ազգային հասարակական կեանքին մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու, ինչպէս` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ընդհանուր ժողովին եւ անոր մասնակի զանազան ժողովներուն ու դասընթացքներուն:
Անդամ է Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական օրէնսդիր ժողովին, որուն ատենապետներէն մէկն է ներկայիս: Անդամ է Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային դատաստանական խորհուրդի վերաքննիչ ատեանին: Եղած է Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Հալէպի խորհրդատու մարմինի անդամ: Երկար տարիներ աշխատած է Հայ դատի մարզին մէջ: Անդամ է Սուրիոյ պատմահնագիտական «Էլ Ատիաթ» ընկերակցութեան եւ կրկնակի գնահատուած յատուկ պատուոյ գիրերով: Վարչական մարմինի անդամ է Հալէպի Ազգային սկզբունքներու մարմինին, նաեւ Ազգային հաշտեցման խմբաւորման:
Անկախ պետական թէ զանազան պաշտօնական կողմերէ ստացած գնահատագիրներէն եւ պատուոյ գիրերէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ձեռամբ` «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Դոկտ. Նորա Արիսեան ծնած է Դամասկոս, 1967-ին: Աւարտած է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ճեմարանը: 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է: 1988-ին եւ 1989-ին ֆրանսայի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի մասնագիտացման երկու վկայականի տիրացած է: 1990-ին տիրացած է թարգմանութեան մասնագիտութեան բարձրագոյն ուսման վկայականին: 2001-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին:
1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ` կատարելով նաեւ պաշտօնական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու բանաւոր թարգմանութիւններ: Դեսպանատան թարգմանութիւնները կը կատարէ մինչեւ օրս:
2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ: 2010-2013-ին աշխատակցած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ` իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու:
Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Ցեղասպանութեան նիւթով մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է զանազան գիտաժողովներու` Միացեալ Նահանգներու «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Պէյրութի Հայկազեան եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ: Զանազան առիթներով, արաբերէն եւ հայերէն դասախօսութիւններ ներկայացուցած է Սուրիոյ, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի զանազան քաղաքներուն մէջ: Զանազան լեզուներով մասնագիտական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ ունի շատ մը երկիրներու մէջ լոյս տեսած մամուլին մէջ: Քաղաքական եւ պատմական նիւթերով հանդէս եկած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն: Խմբագիրն է «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքին: Անդամ է Արաբ գրողներու միութեան (2007-ին. միակ սփիւռքահայ կին գրողն է, որ այս միութեան անդամակցած է): 2013-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին: Հեղինակ է հինգ արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու. 1.- «Հայերու արհաւիրքը սուրիական մտքին մէջ, սուրիացի մտաւորականներու դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ», Պէյրութ, 2002 (արաբերէն): 2.- «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ (1877-1935)», Պէյրութ, 2005 (արաբերէն): 3.- «Տէր Զօր, մարտիրոսաց քաղաք», Հալէպ, 2010 (հայերէն): 4.- «Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ 1928-2011», Դամասկոս, 2011 (արաբերէն): 5.- «100 տարի Հայոց ցեղասպանութեան – 100 արաբական վկայութիւններ», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարան, 2015 (արաբերէն):
Դոկտ. Արիսեան ունի արաբերէնի թարգմանած շուրջ տասը հրատարակուած գիրքեր. 1.- Յակոբ Պարոնեանի, «Քաղաքավարութեան վնասները»: 2.- 2005-ին Յարութ Սասունեանի «The world speaks out» (անգլերէնէ թարգմանուած): 3.- 2005-ին «Վերապրողներու վկայութիւններ»: 4.- 2006-ին «Ընդդէմ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան» վերնագիրով գիրքը: 5.- 2006-ին Ալֆրետ Տը Զայասի «Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը եւ անոր առնչութիւնը Ցեղասպանութեան համաձայնագիրին հետ» վերնագիրով գիրքը: 6.- 2006-ին Գէորգ Աբելեանի «Ցկեանս նահատակութիւն» պատմուածքներու գիրքը: 7.- 2006-ին Շահէ Աւագեանի «Լեռնային Ղարաբաղ – իրաւական ասպեկտներ»: 8.- 2014-ին Թաթուլ Յակոբեանի «Ղարաբաղի օրագիր»: 9.- 2015-ին «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: 10.- 2016-ին, «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը»:
Դոկտ. Նորա Արիսեան պարգեւատրուած է ստորեւ նշուած մետալ-շքանշաններով: 2006-ին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Վահան Թէքեան» շքանշանով: 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով: 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: