Գերմանիոյ Քաղաքներուն Մէջ Ապրիլ 24-ին Պահանջատիրութեան Երթեր Պիտի Իրականացուին

Գերմանիոյ հայկական համայնքին նախաձեռնութեամբ՝ շարք մը քաղաքներու մէջ Ապրիլ 24-ին տեղի պիտի ունենան բողոքի երթեր: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է «Գերմանիոյ հայ ակադեմականներու միութեան-1860» կազմակերպութեան նախագահ Ազատ Օրդուխանեանը։

Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ձեռնարկները պիտի սկսին Ապրիլ 24-էն քանի մը օր առաջ:

Աղբիւրին համաձայն` Ապրիլ 17-ին արդէն խաչքար կանգնեցուած է Արեւելեան Գերմանիոյ Եէնա քաղաքին մէջ: Ապրիլ 18-ին Լայփցիգի «Հայ ուսանողներու միութիւն»-ը եւ Լայփցիգի «Հայկական միութիւն»-ը հոգեհանգիստի արարողութիւն պիտի իրականացնեն Լայփցիգի Նիկոլայ եկեղեցւոյ մէջ, ապա, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն:

ՀՀ դեսպանութեան եւ «Գերմանա-հայկական ընկերութեան» ջանքերով Ապրիլ 23-ին Պեռլինի մէջ պիտի կանգնեցուի խաչքար: Հայկական համայնքը կը նախատեսէ նաեւ բողոքի ցոյց` Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ: Կազմակերպիչն է «Ճանաչում աշխատանքային խումբ» հայ-գերմանական կազմակերպութիւնը, որ կը ղեկավարեն Թեսա Հոֆմանը եւ Ժիրայր Քոչարեանը: Նոյն օրը «Գերմանիոյ Հայ ակադեմականներու միութիւն»-ը Պոխում քաղաքի հայկական այգիին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պիտի տնկէ Կապանէն Գերմանիա տարուած սօսի ծառ: Ապա տեղի պիտի ունենայ մոմերով եւ պահանջատիրական պաստառներով երթ: Ապրիլ 24-ին ալ Շթութգարտի մէջ պիտի կատարուի Տիգրան Մանսուրեանի «ռեքուիեմ»-ը:

«Մեր գլխաւոր ուղերձն է` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, մեր իրաւունքներու մէկ անգամ եւս հաստատում` կը պահանջենք արդարութիւն եւ փոխհատոցում: Ինչպէս գիտէք, Յունիս 2-ին Պունտեսթագի մէջ պիտի քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը: Արդէն որոշ քաղաքական գործիչներ ելոյթներ կ՝ունենան այդ հարցին հետ կապուած, ես լսեցի Քրիստոնեայ դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարի ելոյթը: Ան նշած է, որ անկախ Թուրքիոյ հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւններէն, Գերմանիան պէտք է իրերը իր անունով կոչէ եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- ըսած է Ազատ Օրդուխանեանը: Ըստ անոր` պատգամաւորներու ելոյթներուն մէջ կը նկատուի որ առայժմ դրական տրամադրուածութիւն կայ:

«Պէտք է նկատել, որ մեծ մասի կողմէ հայերու նկատմամբ դրական մօտեցումը միշտ ալ եղած է, բայց քաղաքական կամքի դրսեւորման խնդիրը միշտ կը  բարդացնէ գործընթացը, որովհետեւ Թուրքիան ուժեղ պետութիւն է, գերմանացիները որոշակի հաշիւներ ունին ատոր հետ»,- աւելցուցած է Ազատ Օրդուխանեանը:

Scroll Up