Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս Ալմելոյի մէջ

Մարտ 12-ին Ալմելոյի կեդրոնական գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ բաց կ’ըլլայ մինչեւ Մարտ 21: Այնուհետեւ կը նախատեսուի ցուցահանդէսի շրջագայութիւն Հոլանտայի Հենկելօ, Oլտենզալ եւ Ամսդրտամ քաղաքներուն մէջ, այս մասին Ալմելոյէն «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Մանուկ Մկրտչեան:

Ցուցահանդէսի բացումը կազմակերպած էր «1915 թուական Կոմիտէ»ն Ռոպին Հայկ Գելիճի Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ, որ նաեւ Ալմելոյի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ է եւ կը ներկայացնէ Քրիստոնեայ դեմոկրատական կուսակցութիւնը:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Հոլանտայի խորհրդարանի Քրիստոնէական Միութիւն(CU) կուսակցութեան նախագահ Արիէ Սլոպը, Հոլնատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ, հայկական եւ հոլանտական տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ասորական համայնքի ներկայացուցիչներ, գրողներ, պատմաբաններ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռոպին Հայկ Գելիճի Ներսիսեան:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութեան նախագահ Արիէ Սլոպ, որ կարեւոր համարեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ողջունեց Հայ եւ Ասորի համայնքներու համագործակցութիւնը պահանջատիրութեան հարցին մէջ:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան, Ալմելոյի կիրակնօրեայ դպրոցի սաները, որոնք թարգմանաբար ընթերցեցին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայ գրողներու բանաստեղծութիւնները:

Հայ դատի անունով ելոյթ ունեցաւ Մինաս Արսէնեան: Ասորական համայնքէն ելոյթներ ունեցան «Անցեալի արձագանքներ» գիրքի հեղինակ Կայա Քիրիկ եւ Քրիստոնեայ Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Սուսան Ֆալ-Տակակ:

Աւելցնենք, որ նախքան ցուցահանդէսի բացումը Արիէ Սլոպի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ առանձնազրոյց Եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Օննիկ Գելիճիի եւ հայկական միւս կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հայ Դատի կողմէ Մինաս Արսէնեան Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրք նուիրեց հիւրին: Արիէ Սլոպ խոստացաւ, որ Ապրիլ 24-ին պիտի այցելէ Երեւան` յարգանքի տուրք մատուցելու Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Ան նաեւ նշեց որ, նամակով դիմած է վարչապետին` յորդորելով երթալ Երեւան:

Ալմելո Ալմելո1 Ալմելո2 Ալմելո3 Ալմելո4 Ալմելո5 ԱԼմելո6 Ալմելո7Ալմելո8 Ալմելո9 Ալմելո10

Scroll Up