Բողոքի Երթ Ֆրանսայի Մոնփելիէ Քաղաքին Մէջ

Աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ կը շարունակուին ցոյցեր`  ընդդէմ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած  թշնամական գործողութիւններուն: Ապրիլ 16-ին Ֆրանսայի Մոնփելիէ քաղաքի հայկական ընկերակցութիւնը քաղաքի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ուղղուած թշնամական գործողութիւնները դատապարտող  խաղաղ ցոյց:

Մոնփելիէի Հայկական ընկերակցութեան նախագահ Կարէն Մխիթարեան բոլոր մասնակիցներուն անունէն հանդէս եկաւ ելոյթով` կոչ ընելով յարգել Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:

Ինչպէս Panorama.am-ի հետ զրուցին ըսաւ Մոնփելիէի մեր հայրենակցուհի Աննա Մաթեւոսեան, բողոքի ցոյցը նախաձեռնած Մոնփելիէ քաղաքի հայութեան միացած էին յարակից քաղաքներէն ժամանած բազմաթիւ հայեր: Մասնակիցներու հիմնական պահանջը, որ նախապէս փոխանցուած է քաղաքային իշխանութիւններուն, խաղաղ բնակչութեան դէմ Ատրպէկճանի կողմէ կատարուած ոճրագործութիւնները խստօրէն դատապարտելն ու զինադադարի կարգի պահպանումը հարկադրելն էր:

Ի դէպ, Մոնփելիէ քաղաքի հայկական ընկերակցութիւնը նախաձեռնած է նաեւ նիւթական միջոցներու հանգանակում, որ կը փոխանցուի Արցախին:

Scroll Up