Ուքրանացի Պատգամաւորը Պարգեւատրուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շքանշանով

Քիեւի մէջ Ապրիլ 13ին Ուքրաիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Վիթալի Պարուինենկոն պարգեւատրուած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան`Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած շքանշանով: Այս մասին կը տեղեկացնէ UAReport.infoն`վկայակոչելով Ուքրանիոյ հայերու միութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Միութեան ղեկավար Վիլէն Շատովրեան Պարուինենկոյին յանձնած է «Սուրբ նահատակներու`Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու» շքանշանը: Պարուինենկոն Ուքրանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի նախագիծի հեղինակն է: Նման շքանշանի արժանացած են նաեւ Ուքրանիոյ այլ գործիչներ: