«Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերուն» Ցուցահանդէս Եւ Գիրքի Շնորհանդէս
«100-ամեակով ոչ կը սկսի եւ ո՛չ ալ կ’աւարտէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը: Սա ընդամէնը կարեւոր հանգրուան է, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անցնինք դէպի հատուցման իրաւական փուլ»: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Թեհրանի Հայոց թեմի յանձնախումբի ատենապետ Արմենուշ Առաքելեանի վերոնշեալ արտայայտութեամբ, բացումը կատարուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» ցուցահանդէսի եւ գիրքի շնորհանդէսի, ներկայութեամբ գիրքի հեղինակ եւ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Թեհրանի հայոց թեմի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 14-ին, երեկոյեան «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, ներկայացուած էին 60 պատկերներ, որոնք կ’արտացոլէին հայ ժողովուրդի դէմ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժամանակի միջազգային մամուլի առաջին էջերուն վրայ լոյս տեսած պատկերաւոր յօդուածները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր հակիրճ բացատրութիւն հայերէնով, անգլերէնով եւ պարսկերէնով:
Յանձնախումբի ատենապետը իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ ցուցահանդէսին` ներկայացուած նմուշներուն մէջ տեղ գտած են նաեւ քանի մը նմուշներ՝ իրանական ժամանակի մամուլի էջերէն:
Ան անդրադառնալով Ցեղասպանութեան իրողութիւնը այլ ազգերուն ծանօթացնելու անհրաժեշտութեան՝ աւելցուց. «Մեր աշխատանքներն առաւելաբար ուղղուած են պարսիկ հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնք իրազեկուին եւ մասնակից դառնան Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման: Այդ առիթով յիշեալ ցուցահանդէսը կիրակի եւ երկուշաբթի, Նոյմ. 16-ին եւ 17-ին ցուցադրութեան պիտի դրուի Թեհրանի «Արասբարան» մշակութային կեդրոնին մէջ»:
Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս գիրքի հեղինակ Հայկ Դեմոյեան: Բանախօսը, նախ համապարփակ տողերով անդրադարձաւ իր հեղինակած գիրքի բովանդակութեան:
Ան նշեց, որ գիրքին մէջ ներկայացուած 9 երկիրներու թերթեր ժամանակին իրենց առաջին էջերուն վրայ անդրադարձած են Օսմանեան կայսրութեան մօտ բռնութեան մշակոյթին եւ աւելցուց. «Գիրքի ու ցուցադրութեան հզօրութիւնը կը կայանայ անով, որ կրնանք ուղղակի ցուցադրել առանց որեւէ լրացուցիչ մեկնաբանութեան»:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը աւելցուց, որ գիրքը իր 12-րդ մենագրութիւնն է եւ ատիկա համարեց իր աշխատանքի կիզակէտը, որ 8 տարիներու հետեւողական ջանքերու արդիւնքն է:
Իր արտայայտութիւններու 2-րդ բաժինին մէջ ան խօսեցաւ այն մասին թէ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի սեմին ինչ աշխատանքներ տարուած են, ինչ ծրագիրներ կան յաջորդ տարուան համար եւ ընդհանրապէս որն է համահայկական ռազմավարութիւնը:
Ան աւելցուց, որ թանգարանը փորձած է նոր ռազմավարութիւն մշակել Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի պատկերագրութիւնը շրջանառութեան մէջ դնելու համար, որ կը վերաբերի թէ՛ մամուլի առաջին էջերուն, թէ՛ գրականութեան, եւ թէ՛ մինչ օրս անյայտ լուսանկարներուն եւ կինոնկարներուն: Բանախօսը նշեց, որ յաջորդ տարի թանգարանը հանդէս պիտի գայ 25 տարբեր խորագիրներով եւ նիւթերով, ժամանակաւոր ցուցադրութիւններով եւ ցուցահանդէսներ տեղի պիտի ունենան տարբեր երկիրներու մէջ: Բանախօսը թանգարանի առաքելութիւնը համարեց թէ՛ Սփիւռքին, թէ՛ հայաստանեան հաստատութիւններուն նիւթ մատակարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Հայկ Դեմոյեան տարուող բոլոր աշխատանքներու գլխաւոր նպատակը համարեց այն, որ պէտք է ունենալ թիրախ լսարաններ եւ աւելցուց. «Մեր ռազմավարութեան մէջ պէտք է նկատի ունենանք 3 լսարաններ: Առաջինը միջազգային լսարանը: Մենք ցանկացած երկրի յիշողութեան եւ պատմութեան հետ ագուցուած պէտք է ներկայացնենք Ցեղասպանութեան թեման: 2-րդ լսարանը՝ թրքականն է, իսկ 3-րդը՝ հայկականը եւ մենք պէտք է մրցունակ եւ հոգեբանօրէն ուժեղ սերունդ դաստիարակենք թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Արցախի, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ»: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Ինչպէս նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ միասնական աշխատանքները ընդլայնելու անհրաժեշտութեան եւ աւելցուց, որ բոլոր աշխատանքներու հիմնական նպատակը եւ ռազմավարութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ու մէկ խօսքով համահայկական անվտանգութեան եւ միասնական դարձնել մօտեցումները: Բանախօսը այսպէս եզրափակեց իր ելոյթը. «Մեր նոր սերունդը պէտք է գիտակցի իր առաքելութեան կարեւորութիւնը, պէտք է միասնաբար աշխարհին ապացուցենք, որ մեզ բաժան-բաժան անելը անհնար է»:
Ելոյթի աւարտին պրն. Դեմոյեան հանգամանալից պատասխանեց-լուսաբանեց հարցումներով հանդէս եկող լսարանին մասնակից քանի մը ազգայիններու:
Օրուան ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը եւ դեսպանութեան աշխատակազմը, Իսլ. Խորհրդարանին մէջ իրանահայ զոյգ պատգամաւորները, յարանուանութիւններու, ազգային իշխանութեան ու մարմիններու ու միութիւններու, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ: