Հոլանտայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցի Ձեռնարկները Պիտի Սկսկին Ապրիլ 17-ին
Հոլանտայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները պիտի սկսին Ապրիլ 17-ին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերացիա»-ի նախագահ Մաթօ Հախուերտեան նշած է, թէ Ապրիլ 17-ին խորհրդարանին յարակից հրապարակին վրայ պիտի իրականացուի ցոյց` Հոլանտայի կառավարութեան դէմ:
«Ինչպէս գիտէք, Հոլանտայի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երկու անգամ համապատասխան փաստաթուղթ ընդունուած է (2004-ին եւ 2018-ին), սակայն կառավարութիւնը կը շարունակէ այդ թեմային մասին խօսելու ժամանակ այլ ձեւակերպումներ տալ` ըսելով «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը»: Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազդեցութիւն չձգեց կառավարութեան բառամթերքին վրայ: Մեզի համար կարեւոր է, որ կառավարութիւնը իր ելոյթներուն մէջ ճիշդ ձեւակերպումներ տայ, այլ ո՛չ թէ ամէն անգամ որեւէ նոր բան հնարէ: Կը նախատեսենք հանրագիր ներկայացնել կառավարութեան»,- ըսած է Մաթօ Հախուերտեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ խորհրդարանին կողմէ վերջերս ընդունուած փաստաթուղթին համաձայն՝ կառավարութեան ներկայացուցիչը հինգ տարին մէկ պէտք է գայ Հայաստան եւ յարգանքի տուրք մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւէրժացնող յուշահամալիրին, Մաթօ Հախուերտեան նշած է, որ այդ փաստաթուղթին ընդունումէն ետք, այս տարի առաջին անգամ, պէտք է կառավարութեան ներկայացուցիչը գայ Հայաստան:
«Մինչ այժմ բազմաթիւ հարցադրումներ հնչած են մեր կողմէ, սակայն դեռ անուն չէ հնչած: Վերջնական պատասխան դեռ չունինք: Հաւանական է, որ մինչեւ Ապրիլ 24 չկարենան այդպէս ալ որոշել»,-ըսած է Մաթօ Հախուերտեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս՝ Ապրիլ 21-ին պիտի բացուի նոր խաչքար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակ: Անիկա պիտի տեղադրուի Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի հայկական եկեղեցւոյ տարածքին` դէպի փողոց բացուող հատուածին մէջ: Ներկայ պիտի ըլլան քաղաքական, հասարակական գործիչներ:
Ապրիլ 24-ին նախատեսուած է ոգեկոչման արարողութիւն խաչքարին մօտ, տեղի պիտի ունենան ելոյթներ:
Ապրիլ 24-ին, ոգեկոչման ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ասեն քաղաքի Մեծ Եղեռնի յուշարձանին մօտ, ուր ինչպէս ամէն տարի, ելոյթ պիտի ունենան քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչներ, պիտի ըլլայ գեղարուեստական ծրագիր: Նոյն օրը երեկոյեան, Ալմելօ քաղաքի Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրին մօտ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Ապրիլ 17-ի ցոյցը եւ Ապրիլ 24-ին Ասենի մէջ կայանալիք ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպած են «Համագործակցող Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները», իսկ Ամսթերտամի եւ Ալմելոյի ձեռնարկները կազմակերպած են տեղական հայկական կառոյցները: