Սոչիի Հայ Համայնքի Օգնութիւնը` Արցախի Գիւղերուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/343.jpg)
«Իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է մասնակցութիւն ունենալ Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Ատրպէյճանի սադրիչ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած արցախցիներուն եւ հերոս-զինուորներուն օգնելու գործին մէջ. ատիկա բոլորիս հոգիին պարտքն է: Այդ ուղղութեամբ մենք արդէն Սոչիի հայ համայնքին համախմբուածութեան կոչ յղած ենք »,-«Հայերն այսօրի» թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւՍոչիի ՌՀՄ-ի խորհուրդի անդամ Թումաս Վարդանեան եւ աւելցուց, որ Ապրիլ 9-ին Սոչիի հայ գործարարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Ռուսաստանի հայերու միութեան Սոչիի տարածաշրջանի արտահերթ նիստը:
Նիստին, արձագանքելով ԼՂՀ կառավարութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Արցախին օժանդակելու կոչին, որոշում կայացուած է Արցախի գիւղերուն համայնքին կողմէ 15 УАЗ մակնիշի ամենագնաց մեքենաներ նուիրաբերել, որոնց անհրաժեշտութիւնը առաջնային հարց է գիւղացիներուն համար այդ հարցը քննարկուած է նաեւ ԼՂՀ կառավարութեան հետ:
Թումաս Վարդանեան նաեւ տեղեկացուց, որ Սոչիի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ տարածքին մէջ պարբերաբար համայնքային ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, որուն ժամանակ քննարկումներ կը ծաւալին յետագայ աշխատանքները համակարգելու համար:
«Շատ կարեւոր է Արցախի բնակիչներուն սատար կանգնիլ, որոնք պատերազմական օրերուն ոչ միայն չլքեցին իրենց բնակավայրերը, այլեւ սեփական օրինակով աշխարհին ցոյց տուին հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը»,-իր խօսքը եզրափակեց Թումաս Վարդանեան:
Ապրիլ 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սոչիի հայկական համայնքի Արտերկրի հետ կապերու գիծով, փոխնախագահ Մարգոս Քոսեան «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ըսաւ, որ եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ խորհրդակցելու համայնքէն ներս հաւաքուած 150 հազար տոլարի անհրաժեշտ հասցէականութեամբ տնօրինման հարցով: Պարոն Քոսեան աւելցուց, որ այդ գումարը իրենք կրնան փոխանցել նաեւ ԼՂՀ-ի կառավարութեան, քանի որ անոնք ամէնէն լաւ գիտեն, թէ ինչ առաջնահերթ է: Ան փոխանցեց նաեւ Սոչիի հայկական համայնքի բոլոր հայերու զօրակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը Արցախ աշխարհին, մեր սահմաններու պաշտպաններուն:
Շնորհակալութիւ՛ն Սոչիի հայկական համայնքին: