Արցախին Նուիրուած Դասախօսութիւն Աւստրալիոյ Մէջ

Ապրիլ 12-ին Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան Աւստրալիոյ միջազգային յարաբերութիւններու համալսարանին մէջ հանդէս եկած է դասախօսութեամբ: «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` դասախօսութեան ընթացքին Քայլար Միքայէլեան ներկայացուցած է ԼՂՀ-ին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ դատապարտած Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող վայրագ գործողութիւնները` հայ զինուորներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ: