Ամերիկահայ Հրամանատար Սեդօ Մալաթեան Կը Միանայ Քոմանտոսի Կոչին

Ինչպէս յայտնի է, Ապրիլ 10-ին Արցախի հերոս Արկադի Տէր-Թադեւոսեան նամակ ուղարկած է աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող հայ զօրավարներուն համախմբման կոչով: Այս առիթով արձագանքներ արդէն իսկ եղած են: Ատոնցմէ հերթականը կը ներկայացնէ ArmLur.am-ը:
Հրամանատարի յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Նախ բազմազան առիթներով եղած եմ Հայաստան մեր պանծալի բանակի յատուկ բաժինի մը հետ գործակցելով ու ծառայելով, իսկ հիմա կ’ընդառաջեմ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի կոչին: Պատրաստ եմ իմ մասնագիտութեամբ միանալու Հայաստանի եւ Սփիւռքի զինուորականներու միացեալ աշխատանգին` ի պաշտպանութիւն Հայրենիքին եւ Արցախին եւ Հայ ժողովուրդին: Ջերմ ողջոյններով Համայն Հայութեան Աւագ Գնդապետ . Սեդօ Մալաթեան Ա.Մ.Ն
Յ.Գ. պէտք ունինք աւելի մասնագիտացնել մեր Ռազմական Հետազօտութիւնը եւ նաեւ ուրիշ բաներ, որ առաւել եւս կը հզօրացնէ մեր բանակը»: