Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Փլովտիւի ՄԷջ` Ի Յիշատակ Արցախի Մէջ Նահատակուած Հայ Զինուորներուն
Ապրիլ 10-ին Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ ապրող հայերը` գլխաւորութեամբ վարդապետ Իսահակ Պօղոսեանի եւ հայր Հրաչ Մուրատեանի, Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած են հոգեհանգստեան արարողութեան` ի յիշատակ բոլոր քաջարի ռազմիկներու հոգիներու հանգստութեան, որոնք մահացած են ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն ժամանակ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն Փլովտիւի հայկական համայնքէն:
Պատարագէն յետոյ մոմավառութիւն կատարուած է եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ: Գովասանքի ու հպարտութեան խօսքերով ելոյթ ունեցած են վարդապետ Իսահակ Պօղոսեան եւ դոկտոր Աղաւնի Գէորգեան: Խաչքարին ծաղկեփունջեր զետեղուած են ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութեան եւ ՀՄԸՄ-ի կողմէ: Համընդհանուր աղօթքէն յետոյ մարդիկ մոմեր եւ ծաղիկներ տեղադրած են խաչքարին մօտ:
Թող մեր միասնութիւնը եւ հոգեւոր զօրութիւնը հայ ազգին առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն: