Բողոքի Լուռ Ցոյց Գանատայի ՄԷջ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Ապրիլ 8-ին, ժամը 12:00-ին ՀՅԴ Գանատայի Արմէն Կարօ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ` բողոքի լուռ ցոյց պիտի իրականացուի Գանատայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն նախաձեռնութեան կազմակերպիչները:
Հարիւրաւոր գանատահայեր պիտի հաւաքուին դեսպանատան առջեւ, որպէսզի իրենց բողոքը արտայայտեն վերջերս ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի հրահրած բռնարարքներուն դէմ եւ կոչ ընելու` դադրեցնել Ատրպէյճանի յարձակումները:
Այդ օրը Գանատայի ողջ հայ համայնքը միաւորուած` իրենց զօրկացութիւնը պիտի յայտնեն Արցախի ժողովուրդին: