Կոչ Կիպրահայութեան Արցախի Օգնութեան Համար

Սիրելիներ,

Վերջին օրերուն, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, օգտագործելով իրենց թիւերու եւ միջոցներու գերակայութիւնը, փորձեցին ճեղքել 1994-ի հրադադարի սահմանները եւ ներխուժել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն (ԼՂՀ):

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը, հերոսական եւ գերմարդկային ճիգերով յաջողեցաւ ձախողութեան մատնել թշնամիին յարձակումները եւ ծրագիրները, անվթար պահելով Արցախի սահմանները:
Այս սխրագործութիւնը իրագործուեցաւ արեան թանկ գինով. կան բազմաթիւ զոհուածներ, անյայտ կորածներ եւ վիրաւորներ: Կարգ մը սահմանամերձ գիւղեր ենթարկուած են ռմբակոծութեան եւ աւերումի: Կարգ մը սահմանամերձ գիւղերու բնակչութիւնը տեղափոխուած է դէպի աւելի ապահով շրջաններ:

Այս պահուն աշհարհասփիւռ Հայութիւնը, ցուցաբերելով աննախընթաց միասնականութիւն, կ’արտայայտէ իր զօրակցութիւնը ԼՂՀ կառավարութեան, պաշտպանութեան բանակին եւ բնակչութեան ու կը փութայ իր բոլոր միջոցներով օգնել Արցախին:

Մեր կարգին, Ազգային Իշխանութիւնը, Պետական Ներկայացուցիչը եւ Կիպրահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին ստեղծել Արցախի Օգնութեան Ֆոնտը, որպէսզի Կիպրահայութիւնն ալ իր կարգին մասնակցի Արցախի օգնութեան համազգային ճիգին:
Հետեւաբար կը դիմենք բոլորին որ արձագանգեն այս կոչին եւ իրենց սրտաբուխ նուէրներով մասնակցին այս հանգանակութեան, օգնութեան ձեռք մեկնելով Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն :

Ձեր նուէրները կրնաք յանձնել Ազգային Առաջնորդարան (հեռ. 22493560/22493581), Երեսփոխանական Գրասենեակ (հեռ. 22454540) կամ Bank of Cyprus (Armenian Prelature Artsakh Fund, Account No. 357022462305).

Նիկոսիա, 7 Ապրիլ 2016
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Scroll Up