Ի Նպաստ Արցախին՝ «Վարդապետի Լռութիւնը» Պիտի Ցուցադրուի Մայիս 22ին

Համազգայինի հովանաւորութեամբ եւ Վիգէն Չալդրանեանի ճիգերով իրագործուած «Վարդապետի Լռութիւնը» ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Կիրակի, Մայիս 22ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի «Beyond the Stars» նորոգուած թատերասրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 417 N. Brand Blvd. Glendale, CA 91203։

Տոմսերու սակն է 25 տոլար, իսկ տոմսերը կարելի է ստանալ itsmyseat.com կայքէն:

Տոմսերու հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախի գոյամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու որբացած ընտանիքներուն՝ Վիգէն Չալդրանեանի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան միատեղ որոշումով:

Ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Paramount Pictures»ի շքեղ թատերասրահին մէջ, Ապրիլ 14ին, տոքթ. Գոռ Պարտաքճեանի հովանաւորութեամբ: Մեծ Եղեռնի զոհ Կոմիտասի կեանքի վերջին արարին վրայ կեդրոնացած այս ֆիլմին մէջ, Կոմիտաս կը ներկայանայ խորհրդանշական կերպարով, իր արտայայտիչ լռութեամբ եւ պատկերներու յարակապակցութեամբ, սակայն ո՛չ իր դասական տիպարով:

0512Chaldranian2 Ծանօթ է, որ Կոմիտաս ձերբակալուեցաւ 103 մտաւորականներու հետ եւ քշուեցաւ անապատ: Անկէ ետք Կոմիտաս դարձաւ ինքնամփոփ եւ լուռ՝ մինչեւ իր մահը:

«Ֆիլմը չդադարող Ցեղասպանութեան, անտարբերութեան, մատնութեան եւ անդառնալի սխալներուն մասին է», կ՛ըսէ՛ Չալդրանեան՝ զուգահեռ մը գծելով 101 տարուան ընթացքին տեղի ունեցած եղեռնագործութիւններուն եւ Ապրիլի սկիզբը ծայր առած հայ-ատրպէյճանական բախումներուն միջեւ:

Հայ ժողովուրդի ազգային ողբերգութիւնը ֆիլմին մէջ լաւագոյնս ներկայացուած է բոլորովին նոր մօտեցումով, անցեալի եւ ներկայի միաձուլումով, դրսեւորելով այսօրուան մտաւորականի կեցուածքը: «Մտաւորականը այն մարդն է, որ առաւօտուն կ՛արթննայ ազգին մասին մտածելով», կ՛ըսէ Չալդրանեան, իսկ ֆիլմը խօսուն լռութեան մը ներկայացումն է իրենց պատեաններէն անկաշկանդ պոռթկացող Սոնայի եւ Էդգար Նովենցի գեղեցիկ խաղարկումով: Այս շարժապատկերը արժանի է բոլորանուէր գնահատանքի ու քաջալերանքի:

Scroll Up