Արցախի ՄԷջ Են Համաարաբական Երեք Կարեւոր Հեռուստաընկերութիւններու Թղթակիցներ

Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած թշնամական գործողութիւններուն մասին արաբական մամուլի արձագանքը միանշանակ չէր: Ծաւալուող իրադարձութիւնները ոչ միշտ  առարկայական կը լուսաբանուէին:

Այդ նպատակով Լիբանանի հայ դատի յանձնախումբը այս օրերուն երեք համաարաբական կարեւոր հեռուստաընկերութիւններու աշխատակիցներ  գործուղած է Արցախ` MTV-ի, LBS, NewTV, որպէսզի կարենան տեղուոյն վրայ գնահատել իրավիճակն ու առարկայական մեկնաբանել այս օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալուող իրադարձութիւնները:

«Արաբական մամուլին մէջ արդէն դրական տեղաշարժ կը նկատուի: Կը մատուցուի արդէն առարկայական լրատուութիւնը, որ վեր կը հանէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին ծաւալուող դէպքերու իրական պատկերը»,- «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին նշեց Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց, որ արդէն աշխատանքներ  սկսած են նաեւ լիբանանեան թերթերու խմբագիրներուն հետ, որպէսզի սրբագրուին բոլոր սպրդումները:

 

Scroll Up